Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Կոչ Կ’ընեն Տապալելու Էրտողանի Վարչակարգը

Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Կոչ Կ’ընեն Տապալելու Էրտողանի Վարչակարգը

by MassisPost

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդը (CCAF) դատապարտած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող «Խաղաղութեան ակունք» ռազմական գործողութիւնը:

CCAF-ը կոչ ըրած է տապալելու Էրտողանի վարչակարգը եւ փանթուրքիզմը: Խորհուրդի գրաւոր յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Անգարայի կողմէ սկսած գործողութիւնը, փանթուրքիզմի քրէական եւ ծաւալապաշտական տրամաբանական շարունակութիւնն է, որ այսօր Էրտողանի վարչակարգը վերակենդանացուցած է»:

CCAF-ը յայտնած է, որ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերը` հայերը, երբեք չեն համակերպուիր այս իրողութեան հետ: Խորհուրդը նաեւ նշած է, որ պիտի աջակցի Ֆրանսային, որպէսզի թրքական ներխուժման հարցը տեղափոխուի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգ:

Յիշեցնենք, որ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդը (CCAF) հիմնուած է 2001-ին, միաւորում է չորս տասնեակէ աւելի ֆրանսահայ քաղաքական, մշակութային, մարզական, կրթական, մասնագիտական եւ այլ կազմակերպութիւններու: Ունի երեք տարածաշրջանային գրասենեակ՝ CCAF Իլ-տը-Ֆրանս (Փարիզ եւ հիւսիսային շրջաններ), CCAF Կեդրոն (Լիոն եւ կեդրոնական շրջաններ), CCAF Հարաւ (Մարսէյլ եւ հարաւային շրջաններ):

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment