Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բակօ Սահակեան. Արցախի Ճակատագիրը Չի Կրնար Որոշուիլ Առանց Անոր Մասնակցութեան

Բակօ Սահակեան. Արցախի Ճակատագիրը Չի Կրնար Որոշուիլ Առանց Անոր Մասնակցութեան

by MassisPost

«Անկախ, ինքնիշխան, հզօր պետութիւն կերտելը մեզ համար եղել է եւ մնում է մեր պետականաշինութեան հիմքը, որի հիմնասիւներից են Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ մեր եռամիասնութիւնն ու ժողովրդավարական արժէքներին ու սկզբունքներին հաւատարիմ լինելը»,-այս մասին յայտարարած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը՝ ելոյթ ունենալով Ստեփանակերտի մէջ մեկնարկած «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» միջազգային համաժողովին։

Արցախի ղեկավարը նշած է՝ իրենց համար կարեւորագոյն հրամայական է Արցախի անվտանգութեան լիարժէք ապահովումը բոլոր հարթութիւններու վրայ։

«Մեր անվտանգութեան չնչին իսկ թուլացումը հակառակորդի մօտ առաջացնելու է նոր յարձակման դիմելու գայթակղութիւն, ինչը յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով։ Այդ պատճառով անվտանգութեան խնդիրներն առաջնային են նաեւ բանակցային գործընթացում»,-ընդգծած է Բակօ Սահակեանը։

Խօսելով բանակցային գործընթացի մասին՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը շեշտած է, որ իրենք կողմնակից են Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման բանակցային սեղանի շուրջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիի ներքոյ։

«Այստեղ լուրջ յաջողութիւնների գրանցումն անհնարին է առանց  բանակցային գործընթացի լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման՝ Արցախի լիիրաւ մասնակցութեամբ։ Ակնյայտ է, որ Արցախի ճակատագիրը չի կարող որոշուել առանց նրա մասնակցութեան, եւ մեզ համար չի կարող լինել վերադարձ անցեալին՝ լինի դա կարգավիճակի, թէ սահմանների առումով»,-ըսած է Բակօ Սահակեանը։

Ան ընդգծած է, այսօրուայ միջոցառումը առանձնայատուկ է թէ բովանդակութեամբ, թէ մասնակիցներու առումով, քանի որ առաջին անգամ տեղի կ’ունենայ Արցախի բարեկամներու համաժողով, մէկ յարկի տակ հաւաքուած են Արցախին սատարող քաղաքական, հասարակական, մշակութային գործիչներ, իրաւապաշտպաններ, լրագրողներ, գիտնականներ, վերլուծաբաններ տարբեր պետութիւններէ։

«Մենք շնորհակալ  ու երախտապարտ ենք ձեզ՝  կատարած աշխատանքի համար, բարձր ենք գնահատում ձեր առաքելութիւնը եւ ուրախ ենք, որ ունենք ձեզ նման ընկերներ ու բարեկամներ»,-ըսած է Արցախի նախագահը՝ աւելցնելով, որ արտաքին քաղաքականութեան հիմքը կը շարունակեն մնալ հաւասարակշռուածութիւնը, բազմաուղղուածութիւնը, Արցախը կը կարեւորէ յարաբերութիւնները Եւրոպայի, Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment