Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Սանձազերծած Զինուորական Գործողութիւնները

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Սանձազերծած Զինուորական Գործողութիւնները

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ սանձազերծած զինուորական գործողութիւնները Սուրիոյ հիւսիսային տարածքէն ներս՝ ապահովութեան գօտի մը ստեղծելու կեղծ պատրուակով: Սուրիոյ պատերազմի առաջին իսկ օրէն՝ ամենածայրայեղ զինեալ խմբաւորումները հովանաւորելով, պատսպարելով և զինելով, Թուրքիոյ իշխանութիւնները անմիջական պատասխանատուութիւն կը կրեն այ’ն իրավիճակին համար, որ անոնք այսօր կը փորձեն իբրև թէ դարմանել:

Խիստ մտահոգիչ է նաև այն հանգամանքը, որ միջազգային օրէնք ու իրաւունք ոտնահարող այս յարձակումը տեղի կ’ունենայ ԱՄՆ ներկայ վարչակարգի անթաքոյց համաձայնութեամբ՝ անտեսելով մարդկային ու նիւթական այն ծանր գինը, որ հերթական անգամ տարածաշրջանի բազմազգ ու խաղաղ բնակչութիւնը պիտի անկասկած վճարէ:

Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութիւնը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն և կոչ կ’ուղղէ միջազգային ընտանիքին և խաղաղասէր ուժերուն, առաւելագոյն ճնշում գործադրելու՝ նոր Օսմանեան խալիֆայութիւն վերականգնել փորձող Էրտողանի վարչակարգին վրայ, որպէսզի անմիջապէս դադարեցնէ այս ներխուժումը, կանխելու համար մարդկային նոր ողբերգութիւն մը:

Ս.Դ.Հ.Կ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Հոկտեմբեր 11, 2019

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment