Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Որեւէ Մէկը Իրաւունք Չունի Խարխլելու Մեր Միասնականութիւնը, Ով Կ’ուզէ Ան Ըլլայ․ Բալասանեանը Չի Ներկայացներ Ստեփանակերտի Տեսակէտը

Որեւէ Մէկը Իրաւունք Չունի Խարխլելու Մեր Միասնականութիւնը, Ով Կ’ուզէ Ան Ըլլայ․ Բալասանեանը Չի Ներկայացներ Ստեփանակերտի Տեսակէտը

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար, զօրավար Վիթալի Բալասանեանը livenews.am կայքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ օրինականութեան հետ կապուած խիստ վիճայարոյց միտքեր յայտնած է։ Վիթալի Բալասանեանի նշանակէտին յայտնուած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ «Սասնայ ծռեր» կուսակցութիւնը։

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեանը նշած է, որ Վիթալի Բալասանեանի յայտարարութիւնները լոկ իր անձնական կարծիքն են։

«Այդ յայտարարութիւնը որեւէ կապ չունի պաշտօնական Ստեփանակերտի, Արցախի Հանրապետութեան, Արցախի ժողովուրդի կարծիքի հետ։ Ես կը կարծեմ եւ համոզուած եմ, որ բոլորի պարտքն է ընել ամէն ինչ, որ մեր երկու ժողովուրդներու միասնականութիւնը ըլլայ ուժեղ, անսասան։ Որեւէ մէկուն իրաւունք չէ վերապահուած խարխլելու մեր միասնականութիւնը, ով ուզէ ան ըլլայ, ինչ ճանապարհ ուզէ՝ անցած ըլլայ։ Կարեւոր չէ՝ այդ մարդը կ’ըլլայ Արցախէն, Հայաստանէն, թէ Սփիւռքէն։ Հետեւաբար, բոլորը պէտք է այս ընդունին որպէս հրամայական, ոչ թէ քմահաճոյք»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեանը։

Իսկ կը դատապարտէ՞ Դաւիթ Բաբայեանը Վիթալի Բալասանեանի յայտարարութիւնը։

«Ես կը դատապարտեմ ցանկացած յայտարարութիւն, որ կը խարխլէ մեր միասնականութիւնը, կը դատապարտեմ թշնամանքը, որ ճեղք կ’առաջացնէ մեր հասարակական-քաղաքական դաշտին մէջ։ Կը դատապարտեմ հախվերդեանատիպերու, նաեւ միւս դաւաճանական յայտարարութիւնները»,- արձագանգած է Դաւիթ Բաբայեանը։

Ինչո՞ւ, այնուամենայնիւ, Վիթալի Բալասանեանը նման յայտարարութիւն կ’ընէ։

«Ես չեմ կրնար պատասխանել, ես իրաւասու չեմ պատասխանելու տարբեր մարդոց անձնական կարծիքներուն։
Այստեղէն՝ Ստեփանակերտէն, թշնամիի դիրքերը կ’երեւին, եւ ասոր մասին պէտք է մտածել, ոչ թէ իրար կոկորդ կրծելու։

Ես կողմնակից եմ, որ նման յայտարարութիւններու համար բոլորը պատասխան տան, նաեւ անոնք, որոնք, օրինակ, ղարաբաղցիներուն թուրք կ’անուանեն։ Եւ պէտք է պատասխան տան ոչ միայն բարոյական, այլեւ իրաւական հարթութեան վրայ»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment