Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հիւսիսային Պողոտայ-Քասքատ» Ծրագրով Մեղաւորները Պիտի Պատժուին. Արարատ Միրզոյեան

«Հիւսիսային Պողոտայ-Քասքատ» Ծրագրով Մեղաւորները Պիտի Պատժուին. Արարատ Միրզոյեան

by MassisPost

Ազգային ժողովին մէջ ընթացող «Հիւսիսային պողոտայ-Քասքատ» ծրագրով բացառիկ գերակայ հանրային շահ ճանչնալու հետեւանքով սեփականութեան իրաւունքի ոտնահարման խնդիրները» թեմայով խորհրդարանական լսումներու ժամանակ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը ըսած է, որ քայլեր պիտի իրականացուին իրացման գօտիներու բնակիչներու իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ, իսկ մեղաւորները պէտք է պատժուին:

«Մեր ջանքերը՝ իրաւական պետութիւն կառուցելու, թերի կը լինեն, եթէ մենք չանդրադառնանք ժամանակին գերակայ հանրային շահի անուան տակ տեղի ունեցած քաղաքացիների ունեզրկման գործընթացին եւ սեփականութեան իրաւունքի զանգուածային խախտումներին: Խնդիրը, իմ կարծիքով, բազմաշերտ է, ես կ’անդրադառնամ դրանցից երեքին: Նախ, բազմաթիւ դիտարկումների համաձայն՝ այդ գործընթացում դրսեւորուել են գործադիր իշխանութեան տարբեր օղակների, զանազան բարձրաստիճան պաշտօնեաների ինքնիրաւչութիւնը, կամայականութիւնը, իսկ գուցէ նաեւ սեփական պիզնես եւ սեփական շահերը: Այսինքն՝ մենք խօսում ենք քոռուփցիոն յանցագործութիւնների մասին: Եւ ահա, անցումային արդարադատութեան շրջանակներում մենք պէտք է անպայման կարողանանք անդրադառնալ այս խնդիրներին, վերաքննել դրանք եւ փաստերի հաստատման դէպքում գտնել եւ պատժել մեղաւորներին»,- ըսած է Արարատ Միրզոյեանը:

Անոր խօսքով՝ երկրորդ բաղադրիչը հետեւեալն է: Բացի գործադիր իշխանութեան տարբեր այս շահերէն ու մասնակցութենէն, դրսեւորուած է նաեւ դատական իշխանութեան ուժեղ ներկայացուցիչներու կախուածութիւնը գործադիր իշխանութեան այս շահագրգիռ ներկայացուցիչներէն: Ասոր վառ ապացոյցը, ըստ ԱԺ նախագահի, այն է, որ բազմաթիւ կայացուած վճիռներ այսօր հակառակ աւարտը կ’ունենան Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մօտ: Եւ այն պայմաններուն մէջ, երբ քանի մը տասնեակ մարդիկ այս գործընթացի արդիւնքով տոլարային միլիոնատէրեր դարձած են, այսօր ՄԻԵԴ վճիռներու պայմաններուն ՀՀ-ն արդէն աւելի քանի 2 միլիոն եւրօ տոլարի փոխհատուցում տուած է տուժածներուն:

«Եւ երրորդ, իմ կարծիքով, ամենակարեւոր բաղադրիչը տուժողներու իրաւունքներու վերականգնումն է: Այս քննութեամ  կամ վերաքննութեան արդիւնքում փաստերի հաստատման դէպքում մենք պէտք է գործնական քայլեր ձեռնարկենք տուժողների իրաւունքների վերականգնման ուղղութեամբ»,- ըսած է Արարատ Միրզոյեանը:

Ան նշած է, որ այսօրուայ լսումներու ժամանակ հնչած ելոյթներուն մէջ արդէն իսկ նշուած են հանգամանքներ, որոնք իրաւապահ մարմիններու ուշադրութեանն արժանի են: «Եւ ես այս ելոյթների ձայնագրութիւնը լսումներից յետոյ ուղարկելու եմ իրաւապահ մարմիններին: Նաեւ ուզում եմ ասել, որ մենք՝ որպէս քաղաքական թիմ, մեր իշխանութիւնը բացարձակապէս որեւէ կաշկանդուածութիւն չունի նշածս ուղղութիւններով քայլեր ձեռնարկելու ուղղութեամբ»,- յայտարարած է ԱԺ նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment