Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Գործազրկութեան Մակարդակը Նուազած Է

Հայաստանի Մէջ Գործազրկութեան Մակարդակը Նուազած Է

by MassisPost

Հայաստանի մէջ գործազրկութեան մակարդակը 2019-ի երկրորդ եռամսեակին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի նկատմամբ նուազած է 2,6 տոկոսային կէտով՝ կազմելով 17,7 տոկոս:

Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնբրես»-ը՝ Վիճակագրական կոմիտէի տուեալներու համաձայն՝ գործազուրկներու թիւը ընթացիկ տարուան երկրորդ եռամսեակին կազմած է 207.2 հազար մարդ՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 236.4 հազարի դիմաց:

Յատկանշական է, որ գործազրկութեան մակարդակը երկրորդ եռամսեակին էականօրէն՝ շուրջ 4,2 տոկոսով նուազած է առաջին եռամսեակին արձանագրուած գործազրկութեան համեմատ:

2019-ի երկրորդ եռամսեակին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ 1,6 տոկոսով բարձրացած է զբաղուածութեան մակարդակը՝ կազմելով 47,9%:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment