Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատաւոր Դանիբեկեանը Մերժեց Իր Ինքնաբացարկի Մասին Եղած Միջնորդութիւնը

Դատաւոր Դանիբեկեանը Մերժեց Իր Ինքնաբացարկի Մասին Եղած Միջնորդութիւնը

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Աննա Դանիբեկեանը մերժեց իր ինքնաբացարկի՝ Մարտ 1-ի գործով առանցքային մեղադրեալ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպան Հայկ Ալումեանի ներկայացուցած միջնորդութիւնը, որուն միացած էին նաեւ պաշտպանական կողմի միւս փաստաբանները:

Հայաստանի երկրորդ նախագահի պաշտպանը իր միջնորդութեան մէջ պնդած էր, թէ առկայ են շարք մը հանգամանքներ, որոնք կը բացառեն Դանիբեկեանի՝ որպէս դատաւոր մասնակցութիւնը տուեալ դատական գործին։ Ըստ Ալումեանի՝ ինքնաբացարկի հիմքերը երկուքն են՝ սոյն գործը քննելու համար Դանիբեկեանը չի կրնար պատշաճ դատարան համարուիլ, եւ ան կանխակալ բացասական վերաբերմունք ունի Քոչարեանի նկատմամբ։

Անցած ամիս դատարանը մերժած է երկրորդ նախագահի խափանման միջոց կալանքը անյապաղ վերացնելու, անոր գրաւի կամ չհեռանալու ստորագրութեան դիմաց ազատ արձակելու՝ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններու միջնորդութիւնները:

Հայաստանի երկրորդ նախագահը կը մեղադրուի սահմանադրական կարգը տապալելու եւ առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 3 միլիոն տոլար կաշառք ստանալու մէջ:

Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքի տակ է Յունիս 25-էն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment