Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քիմ Եւ Քորթնի Քարտաշեանները Էջմիածնի Մէջ Մկրտեցին Իրենց Երեխաները

Քիմ Եւ Քորթնի Քարտաշեանները Էջմիածնի Մէջ Մկրտեցին Իրենց Երեխաները

by MassisPost

Հայազգի հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը, որ ժամանած է Երեւան, երէկ առաւօտեան մեկնած է Էջմիածին։ Քիմը եւ անոր քոյրը՝ Քորթնին, մկրտած են երեխաները։

Վերջիններս եկեղեցւոյ մէջ հետաքրքրութեամբ հետեւած են ամէնուն, ինչ կատարուած է։ Բոլորը գեղեցիկ սպիտակ հագուստներ կրած են։ Ինչպէս յայտնի է, Քիմի աւագ դուստրը՝ Նորթին, մկրտած են Երուսաղէմի մէջ՝ 2015-ին։ Քիմ Քարտաշեանը ամուսինին ու որդիին հետ այնտեղ մեկնած էր Հայաստան այցէն անմիջապէս ետք. անոնք կը մասնակցէին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներուն։

Աշխարհի ամենալսելի ձայներէն մէկը Հայաստան է աւագ քրոջ՝ Քորթնի Քարտաշեանի եւ երեխաներու հետ։ NEWS.am STYLE-ի լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Քիմ ի պատասխան՝ ինչպէս էք հարցին, ըսած է. «Լաւ, իսկ դուք ինչպէ՞ս էք»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment