Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Պատրիարքարանը Պիտի Չբողոքարկէ Թուրքիոյ Պարտադրած Սահմանափակումը

Պոլսոյ Պատրիարքարանը Պիտի Չբողոքարկէ Թուրքիոյ Պարտադրած Սահմանափակումը

by MassisPost

Նախօրէին Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանէն ներս տեղի ունեցած է նախաձեռնարկ մարմնի անդամներու եւ հիմնադրամներու ղեկավարներու նիստ, որու ընթացքին  որոշում կայացուած է չբողոքարկել Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ Սեպտեմբեր 23-ին պատրիարքարան ուղարկուած նոր կանոնագիրը։ Նշենք, որ պատրիարքի թեկնածու առաջադրուելու համար կանոնագրի մէջ սահմանուած նոր պայմաններէն խնդրայարոյցը արտասահմանաբնակ թեկնածուներու առաջադրման արգելքն է։ Այս մասին յայտնած է Ermenihaber.am-ը:

Նիստէն ետք նախաձեռնարկ մարմնի կողմէ յայտարարութիւն եղած է, որուն մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Հոկտմեբեր 3-ին տեղի ունեցած քննարկման ներկայ գտնուող բոլոր հիմնադրամներու ներկայացուցիչները կանոնագրի վերաբերեալ կարծիք յայտնեցին, ընթերցուեցաւ հոգեւոր խորհուրդի յայտարարութիւնը։ Այնուհետեւ կատարուեցաւ քուէարկութիւն, որու արդիւնքով ձայները կիսուեցան։ Ապա ընդլայնուած կազմով տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին հիմք ընդունելով մեծամասնութեան կարծիքը՝ որոշում կայացուած է պատրիարքի ընտրութեան երթալ կանոնադրութեամբ առաջարկուող պայմաններով»։

Այսպիսով՝ փաստացիօրէն Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը որոշած է չբողոքարկել Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ պարտադրուած սահմանափակումը։ Այսպիսով ՝ ըստ նոր կանոնադրութեան պայմաններուն, Պոլսոյ պատրիարքի աթոռի համար պայքարող թեկնածուներու թիւը խիստ կը կրճատուի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment