Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արցախի Դրօշի Պատճառով Ընդհատուած Է «Տիւտելանժ» – «Քարաբաղ» Հանդիպումը

Արցախի Դրօշի Պատճառով Ընդհատուած Է «Տիւտելանժ» – «Քարաբաղ» Հանդիպումը

by MassisPost

Լիւքսամպուրկի  «Տիւտելանժ» եւ ատրպէյճանական «Քարաբաղ»-ի միջեւ անցկացուող Եւրոպա լիկայի խաղարկութեան ընթացքին  մարզադաշտին վրան երեւցած է անօդաչու թռչող սարք մը ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշով: «Ատրպէյճանցի ֆութպոլիստները բորբոքուած են, վայրկեաններու ընթացքին զայրոյթի ալիքը հասած է հանդիսատեսներուն՝ ստիպելով մրցավարին ժամանակաւորապէս ընդհատել հանդիպումը», – գրած է տեղի պարբերականներէն մէկը՝ աւելցնելով. – «Թէեւ խաղը ընդհատուած էր, սակայն գնդակը կը շարունակէր թռչիլ այս ու այն կողմ, քանի որ ատրպէյճանցի կիսապաշտպան Կարա Կարաեւը ապարդիւն փորձած էր իջեցնել վիճայարոյց դրօշը»: Հարկադրուած ընդմիջումէն ետք, մօտ 15 վայրկեան անց խաղը վերսկսած է: Թեժացած կիրքերը հանդարտեցնելու համար մարզական մեկնաբանի փոխարէն բարձրախօսին մօտեցած է Լիւքսամպուրկի սփորթի նախարարն ու պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրած հիւրերէն:

Ժամեր անց նաեւ «Տիւտելանժ»-ը ներողութիւն խնդրած է կատարուածի համար: «Մենք այս սադրանքի հետ որեւէ կապ չունինք եւ կը պարզենք հանգամանքները», – յայտարարած է ֆութպոլային ակումբը Թուիթըրի իր պաշտօնական էջին:

Միջադէպին արձագանգած է նաեւ ՈՒԵՖԱ-ն, կազմակերպութիւնը յայտարարած է, թէ խաղը ընդհատուած էր անվտանգութեան նկատառումներով, եւ աւելցուցած․ – «Մենք կը սպասենք այս հարցով հետաքննութիւններու աւարտին՝ որոշելու՝ արդեօք պէտք է կարգապահական պատժամիջոցներ կիրառել խաղի պատասխանատուներուն նկատմամբ»:

Պաշտօնական այս քայլերը, սակայն, Պաքուն չեն գոհացուցած: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Լիւքսամպուրկի մէջ իր դեսպանին յանձնարարած է կապ հաստատել այդ երկրի իշխանութիւններուն հետ՝ «համոզուելու, որ սադրանքի մեղաւորները կը յայտնաբերուին եւ համապատասխան պատիժի կ’ենթարկուին»:

Ատրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերացիան ալ պաշտօնական բողոք ներկայացուցած է ՈՒԵՖԱ-ին՝ կոչ ընելով մանրազնին հետաքննութիւն կատարել միջադէպի շուրջ:

Յօգուտ ատրպէյճանական ակումբի 4:1 հաշուով աւարտած խաղին արձագանգած են արեւմտեան գրեթէ բոլոր առաջատար լրատուամիջոցները՝ ներկայացնելով ղարաբաղեան հակամարտութեան պատմութիւնն ու դրդապատճառները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment