Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Ժողովը Կը Քննարկէ Սահմանադրական Դատարանի Նախագահ Հրայր Թովմասեանը Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Նախագիծը

Ազգային Ժողովը Կը Քննարկէ Սահմանադրական Դատարանի Նախագահ Հրայր Թովմասեանը Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Նախագիծը

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) նախագահ Հրայր Թովմասեանը յայտարարութեամբ հանդէս եկած է, որուն մէջ պնդած է, որ Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան նախաձեռնած՝ իր լիազօրութիւնները դադրեցնելու գործընթացը, «ըստ էութեան, ունի քաղաքական եւ ոչ-առարկայական նպատակաուղղուածութիւն»:

ՍԴ նախագահին նման հետեւութեան յանգեցուցած են այդ գործընթացին նախորդած եւ յաջորդած իրադարձութիւնները, մասնաւորապէս․

« – վարչապետ Ն. Փաշինեանի 2019 թ․ Մայիսի 19-ի կոչը դատարանների, այդ թւում՝ Սահմանադրական դատարանի մուտքերը եւ ելքերն արգելափակելու մասին, որը Մայիսի 20-ին իրականացուեց իշխող քաղաքական ուժի ներկայացուցիչների, այդ թւում՝ Ազգային ժողովի պատգամաւորների աշխոյժ մասնակցութեամբ,

– Սահմանադրական դատարանի գործող նախագահի պաշտօնավարման պարագայում, Ազգային ժողովի 2019 թ․ Յունիսի 20-ի նիստում Սահմանադրական դատարանի նորընտիր դատաւոր Վ. Գրիգորեանի «ինքնահռչակումը»՝ որպէս Սահմանադրական դատարանի նախագահ եւ Ազգային ժողովի քաղաքական մեծամասնութեան կողմից այդ քայլի անթաքոյց սատարումը,

– Սահմանադրական դատարանի նախագահի, Սահմանադրական դատարանի դատաւորների յետագայ պաշտօնավարման վերաբերեալ իշխող քաղաքական ուժի պարբերաբար հնչեցրած ոչ-առարկայական մեկնաբանութիւնները, անձնաւորուած մօտեցումները, նախաձեռնութիւնները,

– Վարչապետ Ն. Փաշինեանի կողմից 2019-ի Յուլիսի 17-ին «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տրուած հարցազրոյցում Սահմանադրական դատարանի եւ անձամբ իմ հասցէին արուած անպարկեշտ արտայայտութիւնները եւ դատական իշխանութեան հեղինակութիւնը վիրաւորող յայտարարութիւնները,

– Ազգային ժողովի նախագահ Ա. Միրզոյեանի եւ վարչապետ Ն. Փաշինեանի՝ Սահմանադրական դատարանի կայացրած որոշումների վերաբերեալ 2019 թ․ Սեպտեմբերի 16-ի յայտարարութիւնները եւ տրուած գնահատականները,

– իմ անուան անհիմն վկայակոչումները՝ տարբեր անձանց նկատմամբ յարուցուող քրէական գործերով,

– Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերի մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վ. Վարդանեանի կողմից ինձ 2019 թ․ Սեպտեմբերի 23-ին ուղղուած պաշտօնական հրաւէրը՝ մասնակցելու յանձնաժողովի Հոկտեմբերի 24-ի նիստին, այն դէպքում, երբ այդ նիստն անցկացուել է Սեպտեմբերի 24-ին, ինչը վկայում է խնդրի առարկայ հարցի վերաբերեալ անկողմնակալ քննարկում անցկացնելու մտադրութեան բացակայութեան մասին»։

«Հաշուի առնելով վերը նշուած հանգամանքները նպատակայարմար չեմ համարում իմ մասնակցութիւնը Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադարեցնելու հարցով Սահմանադրական դատարան դիմելու մասին Ազգային ժողովի նիստում որոշման նախագծի քննարկմանը», – յայտարարած է ՍԴ նախագահը՝ հայցելով «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներու ներողամտութիւնը Ազգային ժողովի նիստին հարցի քննարկման ժամանակ իրեն հարցեր ուղղելու հնարաւորութիւն չտալու առնչութեամբ:

Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւններու դադրեցման նախաձեռնութեան պատճառն, ըստ նախագիծի, Մարտ 1-ի գործով առանցքային մեղադրեալ Ռոպերթ Քոչարեանի դիմումի քննութեան ժամանակ Թովմասեանի թոյլ տուած էական խախտումներն են:

Նախագիծը խորհրդարանի այս նստաշրջանի օրակարգին վրայ է, ընդունուելու պարագային պիտի ուղարկուի Սահմանադրական դատարան, որ իր հերթին պիտի որոշէ՝ Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հիմք կա՞յ, թէ՞ ոչ: Որոշման ընդունման համար անհրաժեշտ է առնուազն 6 դատաւորի ձայն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment