Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Ժողովը Ընդունեց Թովմասեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Վերաբերեալ Որոշումը Եւ Ուղարկեց Սահմանադրական Դատարան

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Թովմասեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Վերաբերեալ Որոշումը Եւ Ուղարկեց Սահմանադրական Դատարան

by MassisPost

Ազգային ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ ընդունեց Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցով ՍԴ դիմելու որոշումը: 132 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցած են 101-ը, կողմ քուէարկած է 98, դէմ՝ 1 պատգամաւոր:

Քուէարկութեան մասնակցած են միայն իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան եւ «Լուսաւոր Հայաստան»-ի պատգամաւորները: «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը նախապէս յայտարարած էր, որ պիտի չմասնակցի․ ինչպէս ԲՀԿ ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը ըսած էր, Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հիմնաւորումները թոյլ են:

Ինչպէս «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է Պետաիրաւական հարցերու խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանը, որոշումը ստանալէ եւ վարոյթ ընդունելէ  30 օրուայ ընթացքին Սահմանադրական դատարանը պէտք է որոշում կայացնէ, այդ ժամկէտը կրնայ եւս երկարացուիլ մինչեւ 50 օրով:

Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին՝ ինչպիսի որոշում ալ կայացնէ Սահմանադրական դատարանը, իշխող խմբակցութիւնը կ’ընդունի՞, քուէարկութեան մասնակցած Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը ըսած է, որ այո:

«Եւ հիմա մենք կասկած ենք յայտնում, ըստ էութեան, այս որոշմամբ, թող ՍԴ-ն որոշի՝ դա այդպէս է՞, թէ՞ չէ: Իսկ ո՞վ է ասում, որ պիտի չընդունենք», – յայտարարած է խորհրդարանի խօսնակը:

«Ազատութեան» հարցին, թէ ի՞նչ պիտի  ըլլայ յաջորդ քայլը, եթէ Սահմանադրական դատարանը մերժէ ընդունիլ իրենց որոշումը եւ չդադրեցնէ Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւնները, Միրզոյեանը արձագանգած է, թէ քայլերը շատ են: «Դէ ես շատ քայլեր ունեմ իմ մտքում, բայց պիտի հասկանանք՝ հիմա գործընթացը ինչ պիտի լինի: Մենք ընդհանրապէս որեւէ բան որ անում ենք, իրաւական կարգաւորումների շրջանակում է, բացառւում է իրաւական կարգաւորումների շրջանակից դուրս որեւէ քայլ ցանկացած հարցի պարագայում», – վստահեցուցած է ԱԺ նախագահը:

Սահմանադրական դատարանի մասին օրէնքի համաձայն՝ դիմումը քննութեան ընդունելու պահէն Սահմանադրական դատարանի դատաւորի լիազօրութիւնները կը կասեցուին մինչեւ դատաքննութեան աւարտը: Հետեւաբար՝ Հրայր Թովմասեանը իր լիազօրութիւններու դադարեցման հարցի քննարկման պիտի չմասնակցի: Սահմանադրական դատարանի նախագահի լիազօրութիւններու դադարեցման համար անհրաժեշտ են դատարանի առնուազն 6 դատաւորներու կողմ ձայները: Դատարանը ունի 9 անդամ, ներառեալ՝ Հրայր Թովմասեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment