Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Արմէն Սարգսեանը Ընդունած Է Քոնկրէսական Ֆրենք Փալոնը

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը Ընդունած Է Քոնկրէսական Ֆրենք Փալոնը

by MassisPost

Նախագահ Արմէն Սարգսեանն ընդունած է ԱՄՆ քոնկրէսական, Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնը:

Նախագահի գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն՝ Արմէն Սարգսեանը կարեւորած է քոնկրէսականի հերթական այցելութիւնը Հայաստան եւ անոր երկարամեայ հայանպաստ գործունէութիւնը: «Դուք Հայաստանի լաւ բարեկամն էք», – նշած է ան:

Զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգին: Նախագահ Սարգսեանը մասնաւորապէս կարեւորած է ԱՄՆ աջակցութիւնը գիտութեան ու արհեստագիտութեան ոլորտուն: Այս ծիրէն ներս ան ներկայացուցած է նախագահական նախաձեռնութիւններէն մէկը՝ ATOM-ը (Advanced Tomorrow), որ նպատակ ունի տեղեկատուական եւ բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ միջազգային խոշոր ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն բերել Հայաստան՝ երկիրը դարձնելով արհեստական բանականութեան եւ ուսողական մոտելաւորման ոլորտի մէջ աշխարհի առաջատար կեդրոններէն մէկը: Նախագահը նշած է, որ այս ծրագրի շրջանակէն ներս ուրախ կ’ըլլայ ամերիկեան խոշոր ընկերութիւններ եւս տեսնել Հայաստանի մէջ:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ խորհրդարանական կառավարման համակարգի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններու պայմաններուն մէջ զարգացման հեռանկարներուն ու առկայ մարտահրաւէրներուն:

Ամերիկացի քոնկրէսականը, յիշեցնենք, այս շաբաթ այցելած է նաեւ Արցախ, հանդիպած է Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment