Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ Ֆրենք Փալոնի Նկատմամբ կը Տածեն Անկեղծ Յարգանք. Բակօ Սահակեան

Արցախի Մէջ Ֆրենք Փալոնի Նկատմամբ կը Տածեն Անկեղծ Յարգանք. Բակօ Սահակեան

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանը Հոկտեմբեր 1–ին հանդիպած է ԱՄՆ քոնկրէսական, Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի հետ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութիւնը, քննարկուած են Արցախ-ԱՄՆ կապերուն, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն վերաբերող տարբեր հարցեր:

Բակօ Սահակեանը բարձր գնահատած է քոնկրէսական Փալոնի գործունէութիւնն` ուղղուած հայկական հարցի եւ արցախեան հիմնախնդրի արդարացի լուսաբանմանն ու սատարման՝ նշելով, որ Արցախի մէջ անոր նկատմամբ կը տածեն անկեղծ յարգանք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment