Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հրայր Թովմասեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Նախագիծի Քուէարկութեան ԲՀԿ-ն Պիտի Չմասնակցի

Հրայր Թովմասեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Նախագիծի Քուէարկութեան ԲՀԿ-ն Պիտի Չմասնակցի

by MassisPost

«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը պիտի չմասնակցի Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) նախագահ Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւններու դադրեցման նախագիծի քուէարկութեան: Այսօր խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ այդ մասին յայտարարած է խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը:

«Որոշողը Սահմանադրական դատարանն է, դրա համար մենք՝ մեր խմբակցութեամբ որոշեցինք, որ մենք չմասնակցենք այդ քուէարկմանը, էդքան բան», – նշած է Ծառուկեանը։

Ըստ Ծառուկեանի, ծաւալուն նախագիծին մէջ ներկայացուած հիմնաւորումները թոյլ են: Թէ որոնք են անոնք եւ արդեօք անձամբ ուսումնասիրած է, ԲՀԿ առաջնորդը չէ մանրամասնած:

«Այսօր նայելով հիմնական դրոյթները, թղթերը, որ, ասենք, եւ կայ ժամկէտների խախտումներ, ուրեմն չենք ուզում ասենք, թէ լիարժէք մի բանը, որը իրաւաբանօրէն ապացուցուած չի, ժամկէտների խախտումներ կան, թերի դրոյթներ կան, հիմնաւորումները շատ թոյլ են», – ընդգծած է Գագիկ Ծառուկեանը։

ՍԴ նախագահի լիազօրութիւնները դադարեցնելու նախագիծին կողմ պիտի քուէարկէ ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը: Այդ մասին յայտարարած են աւելի քան մէկ շաբաթ առաջ՝ Պետաիրաւական յանձնաժողովի նիստին:

Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւններու դադրեցման նախաձեռնութեան պատճառը, ըստ նախագիծի, Մարտ 1-ի գործով առանցքային մեղադրեալ Ռոպերթ Քոչարեանի դիմումի քննութեան ժամանակ Թովմասեանի թոյլ տուած էական խախտումներն են:

Իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան հեղինակած շուրջ 100-էջանոց փաստաթուղթին մէջ ներկայացուած է չորս հիմք: Այդ հիմքերէն մէկը, որ խախտուած է բարձր դատարանի անաչառութեան սկզբունքը, ՍԴ նախագահի եւ Հանրապետական կուսակցութեան փոխկապակցուածութիւնն է, Թովմասեանի անդամակցութիւնը ՀՀԿ-ին, իսկ կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի շահերը կը համընկնին Մարտ 1-ի գործով:

«Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցի համար անհասկնալի է ԲՀԿ-ի որոշումը, յատկապէս, երբ նախկին իշխանութեան օրօք դէմ եղած են Թովմասեանի թեկնածութեան։

Լիլիթ Մակունցը պնդած է՝ իրենց հիմնաւորումները ծանրակշիռ են: Հիմքերէն է Հրայր Թովմասեանի եւ Քոչարեանի պաշտպաններէն Արամ Օրբելեանի հետ քաւոր-սանիկական կապը: Խնդիրը ոչ թէ բարեկամական կապն է, այլ ատոր մասին չբարձրաձայնելը՝ այդպիսով սեփական անձի վարոյթէն պիտի հեռացուի հարց չբարձրացնելը: Եւ վերջապէս, Քոչարեանի դիմումը վարոյթ ընդունելու ժամանակ պէտք է քննարկուէր դատաւորի մասնակցութեան անհնարինութեան վերաբերեալ հարցը, բայց այդպիսի որոշում ՍԴ-ն չունի։

Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Վահէ Գրիգորեանը  միջնորդութիւն ներկայացուցած էր Հրայր Թովմասեանի մասնակցութեան անհնարինութեան վերաբերեալ, սակայն ՍԴ-ն չէ քննած այդ միջնորդութիւնը:

«Մենք չենք պատրաստւում աչք փակել այն իրաւական փաստարկների վրայ, որոնք ի յայտ են եկել, եւ Ազգային ժողովի պատգամաւորի, խմբակցութիւնների, Ազգային ժողովի որպէս օրէնսդիր մարմինի լիազօրութիւնների շրջանակում իրականացնում ենք օրէնքի տառին հետեւելով գործընթացը», – նշած է Մակունցը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment