Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Կրնայ Դառնալ Ելեկտրական Ջերմուժի Տարածաշրջանային Հանգոյց. Փաշինեան

Հայաստանը Կրնայ Դառնալ Ելեկտրական Ջերմուժի Տարածաշրջանային Հանգոյց. Փաշինեան

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համոզմամբ` Հայաստանը կրնայ դառնալ ելեկտրական ջերմուժի տարածաշրջանային հանգոյց, որ կը միաւորէ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Իրանի ելեկտրական ջերմուժի համակարգի ընդհանուր շուկան: Վարչապետը այս տեսակէտը յայտնած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «Եւրասիական աշխարահամասի տարանցիկ ներուժը» խորագրով երկօրեայ միջազգային համաժողովին իր բացման խօսքին մէջ:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ելնելով իր աշխարհագրական առանձնայատկութիւններից, պատրաստ է բոլոր ջանքերը գործադրել՝ նոր շուկաների հասանելիութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքները ապահովելու համար՝ մօտ ապագայում բեռնափոխադրումների եւ ուղեւորափոխադրումների անխուսափելի բարձրացման ծիրում: Փոխադրութեան ոլորտում տարանցիկ ներուժը օգտագործելուց զատ Հայաստանը կարող է դառնալ նաեւ տարածաշրջանային ելեկտրական ջերմուժի հանգոյց, որը կը միաւորի Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Իրանի ելեկտրաուժի համակարգի ընդհանուր ելեկտրական ուժանիւթի շուկան»,-ըսած է Փաշինեանն ու համոզուածութիւն յայտնած , որ այս համաժողովի նման հարթակները, կարծիքներու փոխանակումը լրացուցիչ խթան կը հաղորդեն համագործակցութեան ամրապնդման նաեւ ԵԱՏՄ սահմաններէն դուրս:

Վարչապետի կարծիքով` համաժողովը լաւ հարթակ է առեւտրատնտեսական կապերու ամրապնդման ճանապարհներու եւ եւրասիական տարածքին մէջ փոխադրման հարցերու ճարտարապետութեան հաստատման վերաբերեալ տեսակէտներու փոխանակման համար: Փաշինեանը յոյս յայտնած է, որ քննարկումներու արդիւնքներով պիտի կարողանան աւելի լաւ գնահատել առկայ հնարաւորութիւնները եւ յստակացնել արգելքները յաղթահարելու մեխանիզմները:

Վարչապետը շեշտած է նաեւ, որ ԵԱՏՄ-ի մէջ Հայաստանի նախագահութեան ընթացքին առաւելագոյն ջանքեր գործադրած են ընդելուզման դրական ընթացքի յետագայ ապահովման, ինչպէս նաեւ այն խնդիրներու լուծման համար, որոնք կարող են լրացուցիչ խթան հանդիսանալ երկիրներու մէջ տնտեսական աճի համար:

Վարչապետը նկատած է նաեւ, որ պատմականօրէն Եւրասիա մայրցամաքը եղած է առեւտուրի, տնտեսական, մշակութային, հաղորդակցական գործընթացներու խճանկար, որուն մէջ քիչ կարեւոր դեր չէ խաղցած նաեւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ առեւտրային հաղորդակցութեան կեդրոն՝ Մետաքսի մեծ ճանապարհին գտնուող Հայաստանը:

Ան նշած է` Հայաստանի հնագոյն մայրաքաղաքներէն մէկու՝ Արտաշատի վերելքը, որ յայտնի էր որպէս «Հայաստանի Կարթագեն» եւ բազմադարեայ մայրաքաղաք Անին , որ յայտնի եղած է իր հիանալի ճարտարապետական կոթողներով. այն պայմանաւորուած էր նաեւ անով, որ անոնք կը գտնուին Մետաքսի ճանապարհի վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment