Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլան. Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պէտք է Հանէ Այդ Պայմանը, Այլապէս Սա Կարելի Չէ Ընտրութիւն Կոչել

Փայլան. Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պէտք է Հանէ Այդ Պայմանը, Այլապէս Սա Կարելի Չէ Ընտրութիւն Կոչել

by MassisPost

Սեպտեմբեր 23-ին Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը Պոլսոյ նահանգապետարանի միջոցով Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան ուղարկած է 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ գրաւոր կանոնագիրը (կանոնադրութիւնը):

Պատրիարքի թեկնածու առաջադրուելու համար կանոնադրութեան մէջ սահմանուած պայմաններէն նոր եւ խնդրայարոյց է միայն 3-րդը (թեկնածուն պէտք է ունենայ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ենթակայ եպիսկոպոսի աստիճան), որ անհնար կը դարձնէ արտասահմանաբնակ թեկնածուներու առաջադրումը: Այս մասին գրած է ermenihaber-ը։

Այս թեմայի առնչութեամբ Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը հարցազրոյց տուած է «Bianet» թերթին, կատարելով շարք մը դիտարկումներ:

Փայլանը նշած է, որ եթէ ընտրութիւնը կատարուի այդ կանոնագրի համաձայն, ապա այն չեն կրնար կոչել ընտրութիւն:

Պատգամաւորը յիշեցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ պատրիարքական բազմաթիւ ընտրութիւններ տեղի ունեցած են, որոնցմէ բոլորին մասնակցած են նաեւ աշխարհի հայ հոգեւորականները, ըսած է.

«Թուրքիոյ հայերէն բացի աշխարհի բազմաթիւ շրջաններու մէջ սեբաստացի, մալաթիացի, ատանացի, պոլսեցի հոգեւորականներ կան եւ այս թեկնածուները կարողացած են մասնակցիլ բոլոր ընտրութիւններուն, ունեցած են ընտրուելու իրաւունք»:

Անոր խօսքով` այժմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ներքին գործոց նախարարութեան ուղարկած գրաւոր կանոնագրով նոր սահմանափակում կը դրուի պատրիարքական ընտրութիւններուն:

«Այս կանոնագրով կ’ոտնահարուին իրական թեկնածուներու ընտրական իրաւունքները, ինչը երբեք չենք ընդունիր»,-ընդգծած է Փայլանը:

Ան նկատել տուած է, որ Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը իրաւունք ունի առարկելու այդ որոշումը, յայտնելով, որ 20 տարի առաջ` Մեսրոպ Մութաֆեանի ընտրութեան ընթացքին այդպիսի սահմանափակում նոյնպէս եղած էր, սակայն տուեալ ժամանակաշրջանի նախաձեռնարկ մարմինը առարկած էր որոշումը եւ կարգաւորած իրավիճակը:

«Այժմ նոյն ձեւով պէտք է առարկել: Նախարարութեան պաշտօնեաները պէտք է հանեն այդ սահմանափակումը, հակառակ պարագային սա կարելի չէ անուանել ընտրութիւն»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment