Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Լոս Անճելոս-Հայաստան Համաժողովին Ներկայացուց Տնտեսութեան Ուղղութիւնները Ապա Այցելեց Սիլիքոնային Հովիտ

Փաշինեան Լոս Անճելոս-Հայաստան Համաժողովին Ներկայացուց Տնտեսութեան Ուղղութիւնները Ապա Այցելեց Սիլիքոնային Հովիտ

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներ այցի երկրորդ օրը վարչապետ ՆիկոլՓաշինեանը սկսաւ Լոս Անճելոսի մէջ տեղի ունեցող տնտեսական համաժողովէն:

Լոս Անճելոս-Հայաստան համաժողովին կը մասնակցէին մօտ 300 տեղացի գործարարներ, Քալիֆորնիա նահանգը ներկայացնող գործատէրներ, որոնց Հայաստանի ղեկավարը պատմեց երկրի ներդրումային միջավայրի մասին, ըսելով, որ իշխանափոխութենէն ետք հիմա ալ տնտեսականյեղափոխութիւն ծրագրած է:

Փաշինեան ըներկայացուց Հայաստանի տնտեսութեան գերակայուղղութիւնները՝ տեղեկատուականտեխնոլոկիաներ, գիւղատնտեսութիւն, զբօսաշրջութիւն: Վարչապետը ըսաւ, որ իր քաղաքականութեան առանցքը քորուփցիայի եւ մենաշնորհներուբացառումն է:

silicon valley-2

Օրուայ երկրորդ կէսին Հայաստանի վարչապետը ԼոսԱնճելոսէն ժամանեց Սան Խոսէ՝ աշխարհահռչակ Սիլիքոնային հովիտ, ուր տեղակայուած են հանրայայտ ընկերութիւններ: Ինչպէս յայտնի է, այստեղ նաեւ բազմաթիւ հայեր կ՛աշխատին՝ հիմնական վերջին տարիներուն Հայաստանէն այստեղ եկած տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու մասնագէտներ, որոնց հետ վարչապետը մօտ մէկ ժամնոց հանդիպում ունեցած է, պատասխանած է անոնց հարցերուն:

silicon valley-3

Սիլիքոնային հովտին մէջ վարչապետը եղած է Nvidia խոշորը նկերութիւն, նաեւ այցելած է Synopsis: Անհետաքրքրուած էր՝ ինչպէս զարգացած է այս ոլորտը, ինչ ճանապարհ անցած է, եւ նաեւ փորձած էր ըմբռնել, թէՀայաստանի մէջ ինչպէս կարելի է կիրառել այս փորձը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment