Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Պատմական Ելոյթը Լոս Անճելոսի Մէջ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Պատմական Ելոյթը Լոս Անճելոսի Մէջ

by MassisPost

«Մեր Ամենամեծ Առաքելութիւնը Մեծութեան Մեր Ինքնազգացողութիւնը Վերականգնելն է». Փաշինեան
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ այցի գլխաւոր միջոցառումը բազմամարդ հանրահաւաքն էր Լոս Անճելոսի կեդրոնական «Grand Park-ին» մէջ:

Լոս Անճելոսի եւ յարակից քաղաքներու հազարաւոր հայեր եկած էին լսելու Հայաստանի վարչապետին: Փաշինեանը դիմաւորեցին բուռն ծափահարութիւններով, վանկարկումներով:

pashinyan-la-2

Նիկոլ Փաշինեանը ծաւալուն ելոյթ ունեցաւ, ըսաւ, որ ժամանակն է նորովի խօսիլ Սփիւռքի հետ, նորոգել Հայաստան Սփիւռք կապերը:

«Մենք յոյս ունենք, որ ինչպէս Սփիւռքը կանգնեց Հայաստանում տեղի ունեցող քաղաքական յեղափոխութեան կողքին, այնպէս էլ Սփիւռքը կը կանգնի Հայաստանում տեղի ունեցող տնտեսական յեղափոխութեան կողքին», – իր ելոյթին մէջ յայտարարած է Փաշինեանը:

Վանեցեանի յայտարարութիւնը՝ «անարգանք սպայի պատիւին»
Աւելի վաղ Նիկոլ Փաշինեանը մամուլի ասուլիսով հանդէս եկաւ: Այս հարցուպատասխանի ամենաուշագրաւ դրուագը, թերեւս, վարչապետի մեկնաբանութիւնն էր՝ կապուած Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արթուր Վանեցեանի հրաժարականի աղմկայարոյց գրութեան հետ: Նիկոլ Փաշինեանը ըսաւ՝ նման յայտարարութիւն ընելը կը նշանակէ սպայի ուսադիրները նետել աղբամանը:

«Սերժ Սարգսեանի ընտանիքը արհեստավարժ քորումփացուած ընտանիք է եղել»
«Սերժ Սարգսեանի ընտանիքը փրոֆէսիոնալ քորումփացուած ընտանիք ա եղել ու իրանք բոլորը պէտք ա իրանց թալանածը վերադարձնեն: Մի մասը վերադարձրել են, միւս մասն էլ պիտի վերադարձնեն», – յայտարարած է ան:
Ամուլսարի մասին՝ «ես ճնշման տակ չեմ գործելու»

pashinyan-pc

Վարչապետին հարց ուղղուեցաւ նաեւ Ամուլսարի մասին: Նիկոլ Փաշինեանը ըսաւ, որ դեռ վերջնական որոշում Հայաստանի կառավարութիւնը չէ կայացուցած:

«Ես համաձայն չեմ, որ կառավարութիւնը պէտք ա՝ ում ճնշումը ուժեղ եղաւ, նրա ճնշման տակ որոշում կայացնի: Համենայնդէպս ես երբեք ճնշման տակ չեմ գործել ու չեմ գործելու՝ անկախ ամէն ինչից», – յայտարարած է Փաշինեանը:

pashinyan-banquet

Օրուայ ընթացքին Փաշինեանը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ ազգային կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, Քալիֆորնիոյ հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ՝ մեծ համաժողով, իսկ երեկոյեան ալ հանդիսաւոր ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ ի պատիւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Աննա Յակոբեանի: Վարչապետը այստեղ եւս հանդէս եկաւ ելոյթով:

«Մեր հաւաքական ամենամեծ առաքելութիւնը մեր մեծութիւնը, մեծութեան մեր ինքնազգացողութիւնը վերկանգնելն է», – իր այս ելոյթին մէջ յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment