Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Նոր Սերունդի Պարը Յանուն «Նոր Հայաստան»-ին

Նոր Սերունդի Պարը Յանուն «Նոր Հայաստան»-ին

by MassisPost

Նոր Սերունդը կը պարէ Նոր Հայաստանի համար: Անցնող շաբաթավերջին, Սեպտեմբեր 20-էն 22, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 28-րդ տարեդարձի օրերուն, Լիբանանի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ԱՐԵԳ պարախումբը ներկայացուց իր տարեկան մեծ ելոյթը, զայն նուիրելով վերջին շրջանին զարգացումի վերածնունդ ապրող հայրենիք Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին: Երեք օրերու ընթացքին, ԱՐԵԳ պարախումբի աւելի քան 70 պարողները լիբանանահայ եւ օտարազգի այցելու հանդիսատեսին ներկայացուցին իրենց տարուան մը աշխատանքը՝ «Նոր Հայաստան» ելոյթը՝ գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Շահէ Տեմիրճեանի գլխաւորութեամբ:

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան վարչութեան համոզումով, խաղաղ եւ պայծառ ապագայ կերտելու համար պէտք է նպատակ ունենալ երկրի եւ ժողովուրդի կեանքի բարելաւումը բոլոր բնագաւառներէն ներս: Անշուշտ այս առումով արուեստի բնագաւառը կը գրաւէ առաջատար դիրքեր, որովհետեւ ժողովուրդի մը գոյատեւումը, զարգացումն ու ինքնութեան պահպանումը դժուար պիտի ըլլար իրագործել առանց մշակոյթի պահպանման եւ տարածումին, մանաանդ նոր սերունդի ներկայացուցիչներու շրջանակներուն մէջ:Միութիւնը նաեւ կը հաւատայ միասնականութեան կարեւորութեան, կ’աջակցի նոր Հայաստանի զարգացումին, հայրենիքը համարելով ամէն բանէ վեր:

arek-2

Նշեալ բոլոր սկզբունքներն ու գաղափարները ակնյայտ էին Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետարանի Նապիլ Քահալէի անուան սրահի բեմին վրայ, ուր կրտսերագոյն պարողէն մինչեւ երեցագոյն երիտասարդի պարային շարժումներուն, ապրումներուն եւ դէմքի արտայայտութիւններուն վրայ ակնյայտ էր հայրենիքի հանդէպ սէրը եւ նոր Հայաստանը աւելի  եւս պայծառացնելու սփիւռքահայուն կամքն ու կորովը:

ԱՐԵԳ պարախումբի անդամները նաեւ չմոռցան իրենց նախասիրած միջոցով՝ պարելով յարգելու յիշատակըիրենց խմբակից վաղամեռիկ պարմանուհիՍնժելա Թօսունեանի, որ տակաւին մօտիկ անցեալին ԱՐԵԳ-ի շարքերէն բեմ կը բարձրանար, հանդիսատեսին ներկայացնելու համար լաւագոյնը: Սակայն այս տարի, անոր ակամայ բացակայութեամբ, կարծէք ԱՐԵԳ-ի անդամները վճռած էին տխրութիւնը վերածել ուրախ յիշատակներու վերականգման առիթի: Եւ որովհետեւ բառեր չկային արտայայտելու կորուստի ցաւը, պարախումբի տղաներն ու աղջիկները դիմեցին իրենց նախասիրած լեզուին՝ պարին, պարմանուհիի յիշատակը յարգող երաժշտութեան հնչիւններուն ներքեւ, միաժամանակ յուզմունք եւ երախտագիտութեան զգացում յառաջացնելով հանդիսատեսին մօտ:

arek-3

ԱՐԵԳ-ի վարչական եւ գեղարուեստական ղեկավարութիւնը նաեւ չէր մոռցած յարգելու յիշատակ մը եւս՝ մեծանուն ֆրանսահայ արուեստագէտ,  երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը, որուն երգերէն փունջով մը պարեցին խումբի մեծ տղաներն ու աղջիկները: Բնականաբար, հայկական պարի ելոյթ մը անկատար կ’ըլլայ առանց հայկական Քոչարիի, զոէր պարեցին թէ՛ չափահասները, թէ՛ փոքրերը՝ վերջիններս պարուսոյց Սարին Տեմիրճեանի հսկողութեամբ եւ ցուցմունքներով:

Հայկական պարերու շարքեր կարելի է նաեւ առանձնացնել «Մախմուր աղջիկ», «Նազանի» եւ «Կատակ պար» պարերը, որոնց միջոցաւ հանդիսատեսին ներկայացուեցան հայ աղջիկներու հեզաճկուն շարժումները եւ միշտ կատակասէր հայու ուրախ ոգին:

arek-4

Կառչած մնալով հանդերձ հայկական մշակոյթին, հայ երիտասարդը միաժամանակ պատրաստ է ծանօթանալու այլ մշակոյթներու եւ իր պարային հմտութիւնները աւելի եւս զարգացնելու այլ շրջագիծերու մէջ: Այս առումով, ԱՐԵԳ պարախումբը բեմը գունաւորեց համաշխարհային երանգներով՝ մեքսիքական, ռուսական, քնչուական եւ եգիպտական պարերով, որոնք բոլորն ալ կատարուեցան բացառիկ վարպետութեամբ, այնպէս որ անծանօթի մը համար դժուար պիտի ըլլար համոզուիլ, թէ խորքին մէջ հայ պատանիներ եւ պարմանուհիներ են այս միջազգային պարերու կատարողները: Այսուհանդերձ, հայը վերջ ի վերջոյ պիտի վերադառնայ իր արմատներուն եւ փորձէ զանոնք աւելի եւս ամրապնդել: Հայաստանի անկախութեան 28-ամեակը միասնաբար տօնեցին ԱՐԵԳ-ի անդամներն ու հանդիսատեսները, մերթ բարեւ տալով հայրենիքին, մերթ հայկական «Նոր պարով», միշտ հայու հպարտ քայլերով եւ ոստիւններով:

arek-5

Իսկ ելոյթի աւարտին բեմին վրայ բարձրացած բերդը պարզապէս վերյիշեցում մըն էր, որ Նոր Սերունդ մշակութային միութիւնը եղած է ու կը մնայ հայ նոր սերունդնեդու հայկական ինքնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման անառիկ ամրոցը՝ բերդ մը, զոր ոչ օտարութեան հրդեհը, ոչ ալ մեր ազգային արժէքները խաթարող թշնամական ուժեղագոյն քամիները կարողութիւն ունին խորտակելու, որովհետեւ իւրաքանչիւր արհաւիրքէ ետք դարձեալ պիտի յայտնուի Նոր Սերունդի հայը, կառուցելու համար մեր բոլորին յաւերժական տունը՝ պայծառ Նոր Հայաստանը:

Շիրազ Ճէրէճեան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment