Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Նախկին Ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանին Մեղադրանքը Առաջադրուած է

Հայաստանի Նախկին Ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանին Մեղադրանքը Առաջադրուած է

by MassisPost

Հայաստանի նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանին Քննչական կոմիտէն մեղադրանք առաջադրած է իշխանութիւնը չարաշահելու համար։ Խափանման միջոց ընտրուած է չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը։

Գասպարեանի փաստաբան Տիգրան Աթանէսեանը Ֆէյսպուքի իր էջին յայտարարած է, որ Գասպարեանը իրեն մեղաւոր չի ճանչնար եւ կը հրաժարի քննութեան այս փուլին ցուցմունքներ տալ։

Քննչական կոմիտէի խօսնակ Նայիրա Յարութիւնեանը «Ազատութեան» փոխանցած է, որ թէեւ Գասպարեանը կը հրաժարի ցուցմունք տալ, սակայն խոստացած է մինչեւ օրուայ աւարտը Քննչական կոմիտէի հաշիւին վճարել պետութեան պատճառած առանձնապէս խոշոր չափերով՝ մօտ 22 միլիոն դրամի վնասը:

Մինչդեռ նախկին ազդեցիկ պաշտօնեայի փաստաբանը կրկին Ֆէյսպուքի մէջ գրած է, թէ Գասպարեանը չընդունիր իրեն առաջադրուած մեղադրանքը, հետեւաբար եւ՝ որեւէ պատճառուած վնաս։

«Իմ տեղեկութիւններով, վնասը վաղուց հատուցուել է այն ենթադրաբար պատճառած այլ անձանց կողմից», – պնդած է Տիգրան Աթանէսեանը:

Ըստ մեղադրանքի, Գասպարեանը 1997-2011 թուականներուն, երբ կը զբաղցնէր ռազմական ոստիկանութեան պետի, այնուհետեւ Պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօնը, տեղեակ եղած է, որ Պաշտպանութեան նախարարութեան զօրամասի 3 զինծառայողներ՝ Նելսոն Սարոյեանը, Արմէն Մովսէսեանը եւ Խաչիկ Բադէյեանը 2001, 2004 եւ 2009 թուականներէն զօրամասին մէջ հրամանագրուած եղած են որպէս ռազմական ոստիկան, բայց նշանակման օրուընէ չեն ներկայացած զինծառայութեան: Անոր փոխարէն կատարած են այլ աշխատանք՝ անոնցմէ մէկը աշխատած է որպէս Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբայր՝ Լեւոն Սարգսեանի վարորդ, իսկ երկուքը՝ միւս եղբօր՝ Ալեքսանտր Սարգսեանի թիկնապահներ։ Երեք զինծառայողները այս գործով որպէս վկայ կը հանդիսանան։

Քննչական կոմիտէն յայտնած է, որ Վլատիմիր Գասպարեանը Սարգսեաններու բարեհաճ վերաբերմունքին արժանանալու համար չարաշահած է իր պաշտօնէական լիազօրութիւնները եւ թոյլ տուած է իր աշխատողներուն կատարել իրենց կարգավիճակէն չբխող աշխատանքներ:

«Քննչական կոմիտէն նախաքննութեան ընթացքում ձեռք է բերել տուեալներ, ապացոյցներ ձեռնարկուած քննչական գործողութիւնների արդիւնքում, որոնք հիմք են հանդիսացել մեղադրանք առաջադրելու Վլատիմիր Գասպարեանին», -ըսած է Նայիրա Յարութիւնեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment