Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Դեսպանութիւն Պիտի Բանայ Իսրայէլի Մէջ

Հայաստանը Դեսպանութիւն Պիտի Բանայ Իսրայէլի Մէջ

by MassisPost

Թէեւ Հայաստանը այդ երկրի մէջ ունէր  ոչ մշտաբնակ  դեսպան եւ 1992 թուականէն հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններ, այնուամենայնիւ չունէր դեսպանութիւն։

«Իսրայէլում դեսպանութիւն ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանում Իսրայէլը հանդիսանում է կարեւոր աշխարհաքաղաքական դերակատար, որի վարած քաղաքականութիւնը ուղղակիօրէն ազդում է այդ տարածաշրջանի վերաձեւաւորման եւ կայունութեան վրայ: Դեսպանութիւն ստեղծելը միտուած է ապահովելու Հայաստանի պետական մակարդակով բազմադարեայ հայկական ներկայութեանը մասնակից լինելը», – կառավարութեան նիստին հիմնաւորած է արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը:

Մնացականեանը աւելցուցած է, որ դեսպանութիւն ստեղծելուն Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պատրաստուէր բաւական ժամանակ։ Նախարարը սակայն Կառավարութեան նիստին չէ բացած փակագիծերը, թէ արդեօք այս հարցը որեւէ հանդիպման ժամանակ քննարկուած է հարեւան Իրանի հետ, որ խիստ լարուած յարաբերութիւններ ունի Իսրայէլի հետ:

Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Սոս Աւետիսեանը վստահ է, որ Հայաստանի իրանեան գործընկերները շատ լաւ կը հասկնան, թէ ինչու Հայաստանը մէկ քայլ առաջ կ’երթայ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն մէջ։

Բացի այդ, ըստ պատգամաւորի, Հայաստանը չի կրնար իր արտաքին քաղաքականութիւնը պայմանաւորել որեւէ երրորդ երկրի տրամադրութիւններով:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կառավարութեան որոշման հիմնաւորումներուն մէջ գրած է, որ «դեսպանութեան ստեղծելը կը նպաստի երկկողմ յարաբերութիւնների խորացմանը, նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծի համագործակցութեան բազմաթիւ ոլորտներում»։

Նշուածէն բացի, «Ամերիկեան հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի ղեկավար» Սարգսեանի կարծիքով՝ այս քայլը պէտք է դիտարկել նաեւ Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու ծիրէն ներս. – «Իսրայէլը լուրջ ազդեցութիւն ունեցող պետութիւն է, իսրայէլական համայնքը լուրջ ազդեցութիւն ունի Ուաշինկթընում. Ուաշինկթընի քաղաքական որոշումների կայացման վրայ, եւ սա նոյնպէս պէտք է հաշուի առնենք»:

Հայ-իսրայէլական յարաբերութիւնները Հայաստանի մէջ կը դիտարկուին նաեւ այլ տեսանկիւնէ. արդեօ՞ք Հայաստանը պէտք է խորացնէ յարաբերութիւնները պետութեան մը հետ, որ վերջին տարիներուն շուրջ 4 միլիառ տոլարի զէնք մատակարարած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի հետ հակամարտութեան մէջ գտնուող Ատրպէյճանին։

Քաղաքագէտ Սուրէն Սարգսեանը կը կարծէ, որ Ատրպէյճանի հետ զէնքի շուրջ գործարքները պէտք է ստիպեն Հայաստանին խորացնել յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ, ոչ թէ ետքայլ կատարել. – «Զէնքի վաճառքի հանգամանքը հաշուի առնելով՝ մենք պէտք է այնտեղ ունենայինք աշխոյժ եւ ազդեցիկ դեսպան, որը ցանկացած պահի պատրաստ լինէր ցանկացած գործողութիւններ իրականացնելու, որպէսզի կանխէր զէնքի վաճառքը, կամ այն բոլոր գայթակղութիւնները, որ տեղի էին ունենում այդ վաճառուած զէնքի հետեւանքով մեզ պատճառած վնասների: Այս բոլորը նա պէտք է կարողանար ինչ-որ առումով վնասազերծել: Եւ կարծում եմ, որ նոյնիսկ հիմա դեռ ուշ չէ. Հայաստանն այնտեղ դեսպան ունենալով շատ կարեւոր հարցեր է լուծելու»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment