Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Նիկոլ Փաշինեանի Խօսքերուն կը Պատասխանենք Մարտադաշտին Մէջ». Զաքիր Հասանով

«Նիկոլ Փաշինեանի Խօսքերուն կը Պատասխանենք Մարտադաշտին Մէջ». Զաքիր Հասանով

by MassisPost

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը մեկնաբանած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերն այն մասին, որ «Արցախը Հայաստան է»։

«Ես կը կարծեմ, որ մենք՝ զինուորականներս, պէտք չէ մասնակցինք այդ բանավէճին։ Մեր խնդիրը կռուիլն է։ Մենք մեր խօսքը կ’ըսենք մարտադաշտին մէջ, եւ մենք կ’երազենք այդ մասին։ Եւ այդ կ’իրականանայ մօտ ժամանակներս։ Այդ ժամանակ կը տեսնենք՝ պատասխանատո՞ւ է ան իր խօսքերուն համար, թէ՞ չէ։ Ես կը կարծեմ, որ մեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը անոր արժանի պատասխան տուած է։ Անգամ Հայաստանը չի ճանչնար Ղարաբաղը պաշտօնապէս, միայն դատարկաբանութեամբ կը զբաղուին»,- ընդգծած է պաշտպանութեան նախարարը, կը տեղեկացնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment