Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հիւսիս-Հարաւ» Ճանապարհի Քրէական Գործով Մեղադրանք Առաջադրուած է «Մուլթի Կրուփ» Ընկերութեան Տնօրէնին

«Հիւսիս-Հարաւ» Ճանապարհի Քրէական Գործով Մեղադրանք Առաջադրուած է «Մուլթի Կրուփ» Ընկերութեան Տնօրէնին

by MassisPost

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը հրաժարած է որեւէ մեկնաբանութիւն տալ «Մուլթի Կրուփ» ընկերութեան տնօրէն Սեդրակ Առուստամեանին առաջադրուած մեղադրանքի վերաբերեալ։ Խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեանը «Ազատութեան» ըսած է՝ այս պահին կը հրաժարին մեկնաբանութիւն ընելէ, քանի որ գործը իրաւական տիրոյթի մէջ է։

Գագիկ Ծառուկեանի մտերիմ համարուող եւ անոր ընտանիքին պատկանող «Մուլթի Կրուփ» ընկերութիւնը ղեկավարող գործարարը կը մեղադրուի «Հիւսիս-հարաւ» ծրագրի շրջածիրէն ներս կեղծ ձեռնարկատիրական գործունէութիւն ծաւալելու եւ հարկերէն չարամտօրէն խուսափելու համար։

Քննչական կոմիտէն պարզած է, որ Սեդրակ Առուստամեանը, 2008-էն 2010 թուականներուն Փոխադրութեան եւ կապի նախկին նախարարի պաշտօնը զբաղեցուցած Գուրգէն Սարգսեանի եւ Սուրէն Աւագեանի հետ միասին, ղեկավարելով «Սթոնս» ընկերութիւնը, կեղծ գործարք իրականացուցած է «Հիւսիս-հարաւի» Թալին-Լանջիկ-Գիւմրի հատուածներու շինարարութեամբ զբաղուող չինական կապալառու ընկերութեան հետ։

Քննչական կոմիտէի ընդհանուր բնոյթի եւ ընտրական յանցագործութիւններու քննութեան վարչութեան պետ Կամօ Սահակեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է. «Սեդրակ Առուստամեանը իր աշխատողների միջոցով կազմակերպելով այս գործողութիւնները օժանդակել է չինական ընկերութեան աշխատակիցներին խուսափելու առանձնապէս խոշոր չափերի հարկեր վճարելուց եւ ընկերութիւնից անհիմն դուրս բերելու համար այդքան գումար։ Ընկերութիւնը շահոյթ ունեցել է, այս գործարքից բոլոր հարկերը վճարել է, ընդհանուր մենք պէտք է հաշուենք, որ 1,167 միլիառի 20 տոկոսի չափով օրէնքով սահմանուած կարգով շահոյթ է հասել «Սթոնս» ընկերութեանը առանց որեւէ գործունէութիւն իրականացնելու։ Այսինքն անհիմն գործարքի արդիւնքում «Սթոնս» ընկերութիւնը իր հերթին ստացել է 20 տոկոս շահոյթ»։

Սեդրակ Առուստամեանի դուստր Նորա Առուստամեանն ալ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր է։

Կեղծ ձեռնարկատիրական գործունէութիւն ծաւալելու եւ հարկերէն չարամտօրէն խուսափելու համար կը մեղադրուին նաեւ Փոխադրութեան եւ կապի նախկին նախարար Գուրգէն Սարգսեանը եւ Սուրէն Աւագեանը։ Քննչական կոմիտէն միջնորդած է Առուստամեանի, Սարգսեանի եւ Աւագեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրել կալանաւորումը։

Գերատեսչութենէն յայտնած են՝ «Հիւսիս-հարաւի» գործով մեղադրեալներու թիւը արդէն 15-ի հասած է, անոնցմէ 7-ին խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը չհեռանլու մասին, 5-ը կը հետախուզուին, իսկ 3-ի խափանման միջոցը դատարանը պիտի որոշէ յառաջիկային։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment