Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Կրկնակի Տօն Լոս Անճելըսի Հայութեան Համար

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Կրկնակի Տօն Լոս Անճելըսի Հայութեան Համար

by MassisPost

Սեպտեմբեր 21, 1991-ին Հայաստանի ժողովուրդը հանրաքուէով եկաւ հաստատելու անկախ պետականութեան իր ձգտումը: Տօնական ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ իր «այո»-ն ըսելով ան նոր էջ մը բացաւ մեր վերիվայրումներով լեցուն դարերու պատմութեան մէջ:

Անցնող մօտ երեք տասնամեակներու ընթացքին Հայոց անկախ պետականութիւնը իր կայացման ճամբուն վրայ ունեցաւ յաջողութիւններ ու բազում ձախողութիւններ: Մեծագոյն նուաճումը հանդիսացաւ Հայոց Ազգային Բանակի կազմութիւնը եւ մեր պատմական հողերու մէկ մասի ազատագրումը, որու շնորհիւ ունեցանք Արցախի անկախ մեր երկրորդ հանրապետութիւնը, ուր այսօր զէնքը ձեռին կ՛ապրի ու կը ստեղծագործէ մեր ժողովուրդի մէկ հատուածը:

Ժողովրդավարութեան գծով իր առաջին յուսադրող քայլերէն ետք, մեր երկիրը ինկաւ կեղծուած ընտրութիւններու եւ քաղաքական սպանութիւններու ճիրաններուն մէջ: Սեփականաշնորհման սխալ կիրառումը պատճառ դարձաւ ժողովուրդի մեծ մասի աղքատացման ու միւս կողմէ ընտրեալ փոքրաթիւ խաւի մը կողմէ երկրի ամբողջ հարստութեան տիրացման: Համատարած դարձաւ տնտեսական անհաւասարութիւնն ու անգործութիւնը, իսկ արտագաղթը վերածուեցաւ ազգային աղէտի:

Այս բոլորով հանդերձ մեր ժողովուրդի ստուար մասը կառչած մնաց իր հողին ու հայրենիքին: Չկորսնցնելով հաւատքը անկախութեան վեհ գաղափարին հանդէպ, մղեց երկարամեայ պայքար, որ արդիւնաւորուեցաւ 2018 թուականի Ապրիլ-Մայիսին, երբ Հայաստանի հպարտ քաղաքացին կերտեց մէկ նոր սխրագործութիւն ու ժողովրդային, խաղաղ յեղափոխութեամբ վերատիրացաւ իր երկրին՝ տապալելով նախկին փտած համակարգը:

Վերջին երկու տարիներուն անկախութեան տօները վերարժեւորուեցան, ստացան նոր երանգ ու դարձան աւելի իմաստալից: Այսօր կը տօնախմբենք Հայաստանի անկախութեան 28րդ տարեդարձը եւ կը վերյիշենք մեր անցած ուղին՝ իր լաւ ու վատ կողմերով, յուսալով որ յուսախաբութիւնները այլեւս մնացած են մեր ետին ու Հայրենիքը բռնած է յարաճուն վերելքի, զարգացման ու բարգաւաճման ճանապարհը:

Լոս Անճելոսահայութեան համար այս տարի անկախութեան տարեդարձը վերածուած է կրկնակի տօնախմբութեան: Սփիւռքի ամենէն հայահոծ համայնքին իր առաջին այցելութիւնը կու տայ թաւշեայ յեղափոխութեան առաջնորդ՝ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որու ներկայութիւնը կը զգենու պատմական բնոյթ իր բովանդակութեամբ ու բերելիք պատգամով: Վերջին տասնամեակներուն Հայաստանն ու սփիւռքը երբեք իրար այսքան մօտ չեն եղած՝ քան այսօր: Անցեալի յուսախաբութիւնները փոխարինուած են լաւատեսութեամբ: Ամէնուրեք կը տիրէ խանդավառութիւն ու Հայրենիքի հետ անմիջականօրէն շփուելու, հաղորդակցելու ու անոր տնտեսական վերելքին բաժին բերելու պատրաստակամութիւն:

Յեղափոխութեան յաղթանակէն ասդին Հայրենիքէն ներս տեղի ունեցող դրական փոփոխութիւնները ակներեւ են բոլոր բնագաւառներէն ներս՝ ընկերային, տնտեսական, արտաքին քաղաքական, բանակի հզօրացման, մաքուր կառավարման, մենաշնորհներու վերացման, փտախտի, կաշառակերութեան ու մսխումներու վերացման ու նաեւ արտագաղթի դանդաղեցման ծիրէն ներս: Այս բոլորը իրագործուեցան խիստ կարճ ժամանակուայ ընթացքին եւ ի հեճուկս բոլոր մռայլ կանխատեսումներուն:

Վարչապետ Փաշինեանի երկար սպասուած այցելութիւնը մեր համայնքին պիտի գայ առաւել խթանելու կապը Հայրենիքի հետ ու պիտի մօտեցնէ մեզ զիրար: Վարչապետի վարկանիշը բարձր է ոչ միայն Հայաստանի ժողովուրդի մօտ, այլ նաեւ սփիւռքի տարածքին ու յատկապէս Լոս Անճելըսի մէջ:

Կիրակի, Սեպտեմբեր 22-ին, տասնեակ հազար հայորդիներ, իրենց կողքին ունենալով պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, պիտի հաւաքուին հրեշտակներու քաղաքի գլխաւոր հրապարակին վրայ, միասաբար տօնելու համար Հայաստանի անկախութեան 28-րդ տարեդարձը ու ողջունելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատմական այցելութիւնը:

Շնորհաւոր Անկախութեան օր եւ բարի գալուստ Պրն. Վարչապետին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment