Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընտրական Օրէնսգիրքն ու «Կուսակցութիւններու Մասին» Օրէնքը Պիտի Փոխուին

Ընտրական Օրէնսգիրքն ու «Կուսակցութիւններու Մասին» Օրէնքը Պիտի Փոխուին

by MassisPost

Իշխող «Իմ քայլը», ընդդիմադիր «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները արդէն սկսած են քննարկումները Ընտրական օրէնսգիրքի ու «Կուսակցութիւններու մասին» օրէնքի փոփոխութիւններու շուրջ։ Կ’առաջարկուի բարձրացնել կուսակցութիւններու նիւթական աղբիւրներու թափանցիկութիւնն ու հաշուետուողականութիւնը։

«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը անհրաժեշտութիւն կը համարէ բարձրացնել կուսակցութիւններուն տրուող պետական ֆինանսաւորումը։

«Տարիներ շարունակ ինչպիսի մոտել ենք ունեցել՝ օլիկարխների շուրջ ձեւաւորուած կուսակցութիւններ, որոնք ոչ թէ հասարակութեան նուիրատուութիւնների շնորհիւ են գոյատեւում, այլ հակառակը՝ դարել են գործատու հասարակութեան անդամների համար, այսինքն՝ քաղաքացին սովոր է կուսակցութիւններից գումար ստանալ։ Այս մոտելը չի կարող որեւէ կերպ լինել ժողովրդավարական, եւ չի կարող այդ կուսակցութիւնը ծառայել այն քաղաքացուն, որին ինքը փող է տալիս», -ըսած է «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Գորգիսեանը։

Օրէնսդրական փոփոխութիւններու աշխատանքային խումբի համակարգող, «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Համազասպ Դանիէլեանի խօսքով՝ իրենք կը նախատեսեն յստակեցնել կուսակցութիւններուն տրուող ֆինանսաւորման եղանակը, քանի որ անցեալին պետական ֆինանսաւորումէն միայն խորհրդարանական կուսակցութիւնները օգտուած են։ -«Վերջին 10 տարիների ընթացքում կուսակցութիւններին յատկացուել է մօտ 900 միլիոն դրամ։ Դրա առիւծի բաժինը, նայած ինչպէս ենք չափում, մօտ 70-80 տոկոսը գնացել է իշխող կուսակցութիւններին», – ըսած է ան։

Պատգամաւորը ըսած է՝ ֆինանսաւորման բարձրացման զուգընթաց պէտք է նաեւ կուսակցութիւնները աւելի թափանցիկ եւ հաշուետուողական ըլլան։ -«Կարող եմ վստահ պնդել, որ էսօրուայ կարգաւորումները, էդ հնարաւորութիւնը չեն տալիս եւ կուսակցութիւններին լայն դաշտ են տրամադրում ներկայացնելու իրենց ֆինանսները այն լոյսի ներքոյ, որը աւելի նպատակայարմար է իրենց համար», -ըսած է Համազասպ Դանիէլեանը։

Գէորգ Գորգիսեանը աւելցուցած է. -«Մենք պէտք է հզօրացնենք կուսակցութիւնները, մենք պէտք է հնարաւորութիւն ստեղծենք, որպէսզի կուսակցութիւնները կարողանան ծառայել միայն ժողովրդին, չլինեն կախուած անհատներից»։

Նախորդ իշխանութիւններու տարիներուն ներմուծուած եւ ներկայիս իշխանութիւններու կողմէ քննադատութեան ենթարկուած համամասնական ընտրակարգն ալ կը նախատեսեն փոխել։

Յառաջիկային Ընտրական օրէնսգիրքի ու «Կուսակցութիւններու մասին» օրէնքի փոփոխութիւնները օրէնքի նախագիծի տեսք պիտի ունենան։ Համազասպ Դանիէլեանը ըսած է՝ այն կը նախատեսեն աւարտին հասցնել մինչեւ նոյն թեմայով Հոկտեմբեր 18-ին սպասուող խորհրդարանական լսումները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment