Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանը Չի Կրնար ՀԱՊԿ-ի Մէջ Որեւէ Կարգավիճակ Ունենալ

Ատրպէյճանը Չի Կրնար ՀԱՊԿ-ի Մէջ Որեւէ Կարգավիճակ Ունենալ

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանը չի շտապեր մեկնաբանել՝ արդեօ՞ք Ռուսաստանի փոխվարչապետի՝ նախօրէին ըրած յայտարարութիւնը կը հակասէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթին:

Երեւանի մէջ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ պետութիւններու ռազմատնտեսական համագործակցութեան միջպետական նիստին մասնակցող Եուրի Պորիսովը ըսած էր, թէ Ռուսաստանը դէմ չէ, որ Ատրպէյճանը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան մէջ դիտորդի կարգավիճակ ունենայ, հակառակը՝ կազմակերպութիւնը կ’ողջունէ գործակցութիւնը Ատրպէյճանի հետ։

«Առանց Հայաստանի համաձայնութեան ցանկացած մեկնաբանութիւն, կարծիք եւ դիրքորոշում կը մնայ միայն որպէս այդպիսին», – նշած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեանը։

«Ազատութեան» հարցին, թէ այդ յայտարարութիւնը չի՞ հակասեր Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ռազմավարական յարաբերութիւններուն, Նաղդալեանը պատասխանած է. «Ես նշեցի բոլոր չափանիշները, որոնք պէտք է դիտորդը եւ գործընկերը համապատասխանի»։

Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը ՀԱՊԿ կանոնադրութիւնը մատնանշած է, ակնարկելով, որ Ատրպէյճանը չի կրնար ՀԱՊԿ-ի մէջ որեւէ կարգավիճակ ունենալ։ Բացի այդ, յիշեցուցած է ՀԱՊԿ սկզբունքի մասին՝ որոշումները կը կայացուին կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու համաձայնութեամբ։

«Ինչ վերաբերում է գործընկերոջ կարգավիճակին, ինչպէս եւ դիտորդի կարգավիճակի պարագայում, նա նոյնպէս պէտք է ունենայ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ՀԱՊԿ անդամ բոլոր պետութիւնների հետ, չունենայ հակամարտութիւններ այլ պետութիւնների կամ պետութեան հետ եւ չունենայ տարածքային վէճեր հարեւանների հետ», – ըսած է Աննա Նաղդալեանը։

Երեւանի մէջ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ռազմատնտեսական համագործակցութեան միջպետական նիստին կը մասնակցէր նաեւ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնակատար Վալերի Սեմերիքովը, որ խուսափած է մեկնաբանել Ռուսաստանի կողմէ Ատրպէյճանին վաճառուող զէնքի վերաբերեալ հարցին, սահմանափակուելով միայն կարճ մեկնաբանութեամբ, թէ ինքը չէ զէնքի վաճառքով զբաղուողը։ Այդ հարցը նաեւ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակին տրուած է։ Նաղդալեանը ըսած է թէ՝ պաշտօնական Երեւանը ՀԱՊԿ որոշ երկիրներու կողմէ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու հարցը բազմիցս բարձրաձայնած է։

«Մեր դիրքորոշումն այն է, որ դա բացասական ազդեցութիւն ունի ինչպէս կառոյցի հեղինակութեան, այնպէս էլ համագործակցութեան միջավայրի վրայ։ Մեր մտահոգութիւնները լսելի են, կարող եմ դա արձանագրել։ Մենք հետեւողականօրէն քայլեր ենք ձեռնարկելու, որպէսզի բացառենք ՀԱՊԿ անդամ պետութեան կողմից ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառման պատրանքը», – ընդգծած է Նաղդալեանը։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոշտ արձագանք ունեցած է ֆրանսացի խումբ մը պատգամաւորներու Արցախ այցելութեան վերաբերեալ Պաքուի բողոքի գիրին՝ այն համարելով Արցախի ժողովուրդի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող ոճրագործութիւններու շարունակութիւն։

«Ֆրանսիացի պատգամաւորներին բացատրելու հարցում ատրպէյճանական կողմը հիմնարար սխալ է թոյլ տուել։ Մարդու իրաւունքները մարդկանց մասին են, վերաբերում են նաեւ այն մարդկանց, որոնք բնակւում են Արցախում։ Արցախի ժողովրդի կողմից իր իրաւունքների իրացման մերժումը, ոչ այլ ինչ է, քան Արցախի ժողովրդի դէմ իրականացուած զանգուածային ոճրագործութիւնների շարունակութիւն», – ընդգծած է Նաղդալեանը։

Օրերս Ստեփանակերտ ժամանած ֆրանսացի պատգամաւորները ծաղիկներ խոնարհած էին Ցեղասպանութեան զոհերու ու Ղարաբաղեան պատերազմին զոհուածներու շիրիմներուն:

Պաշտօնական Պաքուն ֆրանսացի 7 պատգամւորներուն պատասխանած էր՝ անոնց անունները «սեւ ցուցակին» մէջ ընգրկելով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment