Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեանի Եղբօր՝ Լեւոն Սարգսեանի Նկատմամբ «Հիւսիս-Հարաւ»-ի Գործով Խափանման Միջոց Ընտրուած է Կալանքը

Սերժ Սարգսեանի Եղբօր՝ Լեւոն Սարգսեանի Նկատմամբ «Հիւսիս-Հարաւ»-ի Գործով Խափանման Միջոց Ընտրուած է Կալանքը

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը բաւարարած է Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր՝ Լեւոն Սարգսեանի նկատմամբ «Հիւսիս-հարաւ» ծրագրի գործով կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու Քննչական կոմիտէի միջնորդութիւնը: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնած են Քննչական կոմիտէէն:

«Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի շինարարութեան գործընթացին մէջ թոյլ տրուած առերեւոյթ չարաշահումներու կապակցութեամբ Քննչական կոմիտէի կողմէ յարուցուած քրէական գործով Լեւոն Սարգսեանին մեղադրանք առաջադրուած է փողերու լուացման եւ իրական կամ ենթադրեալ ազդեցութիւնը շահադիտական նպատակով օգտագործելու համար, անոր նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում եւ միջնորդութիւն ներկայացուած էր դատարան՝ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու մասին:

Նախկին նախագահի եղբօր փաստաբանը «Ազատութեան» փոխանցած է, որ իր պաշտպանեալը չընդունիր իրեն առաջադրուած մեղադրանքը՝ պնդելով, թէ առնչութիւն չունի իրեն մեղսագրուող արարքներուն:

Յատուկ յանձնարարութիւններով նախկին դեսպան Լեւոն Սարգսեանը հետախուզման մէջ էր դեռ անցեալ տարուընէ մէկ այլ քրէական գործով՝ ապօրինի հարստացման եւ յայտարարագրման ենթակայ գոյքը թաքցնելու համար: Այդ գործով նոյնպէս դատարանը անոր կալանաւորելու որոշում կայացուցած էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment