Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրամփ-Փաշինեան Հանդիպումի Մասին Խօսիլը Անիմաստ Է

Թրամփ-Փաշինեան Հանդիպումի Մասին Խօսիլը Անիմաստ Է

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներ, Նիւ Եորքի մէջ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին: Այս առթիւ Հայաստանի մամուլը եւ քաղաքական մեկնաբանները դարձեալ սկսած են քննարկել Միացեալ Նահանգներու նախագահի հետ հանդիպումի հաւանականութիւնը: Անցեալ շաբթուայ ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողները հարց տուին Թրամփ-Փաշինեան հանդիպումի մասին, որուն ի պատասխան նախարարը յայտնեց, թէ նման հանդիպումի մը ուղղութեամբ կողմերու միջեւ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան, սակայն տակաւին յստակ թուական չկայ:

Հայաստանի մէջ ոմանք Թրամփ-Փաշինեան հանդիպումի հարցին կը մօտենան այն տեսանկիւնէն, թէ այդ հանդիպումի չկայանալը ուղղուած է Փաշինեանի անձին դէմ, եւ թէ Ամերիկան դժգոհ է Հայաստանի արտաքին քաղաքական ուղղուածութեամբ ու տարածաշրջանային յարաբերութիւններու հարցով:

Նախ պէտք է ըսել, որ ՄԱկ-ի ժողովներու ընթացքին, նման հանդիպում ակնկալելը ճիշդ մօտեցում չէ: Նոյն օրերուն Նիւ Եորք կ՛այցելեն աշխարհի աւելի քան հարիւր երկիրներու ղեկավարներ՝ ելոյթ ունենալու համար նստաշրջանին առջեւ: Ամերիկայի նախագահները կը բաւարարուին հաւաքական ընդունելութիւն մը կազմակերպելով, մասնակից երկիրներու ղեկավարներուն ի պատիւ: Տեղի կ՛ունենան նաեւ կողմնակի կարճատեւ հանդիպումներ՝ սահմանափակ թիւով երկիրներու ղեկավարներուն եւ ԱՄՆ նախագահին միջեւ, որոնց հետ անմիջական հարցեր կան քննարկելիք:

Ասկէ դուրս բոլոր նախագահներուն ու վարչապետները կ՛արժանանան նոյն վերաբերմունքին ու ատոր մէջ պէտք չէ տեսնել քաղաքական միտում եւ կամ մերժում՝ որեւէ երկրի հանդէպ:

Այս կարգը գոյութիւն ունեցած է անցեալին Ամերիկայի բոլոր նախագահներու պարագային: Ի՞նչ կը վերաբերի ներկայիս, երբ Սպիտակ Տան բնակիչը Տանոլտ Թրամփն է, Ամերիկայի արտաքին քաղաքական յարաբերութիւններէն ներս կը տիրէ խառնաշփոթ իրավիճակ: Նախագահ Թրամփ մեծ հետաքրքրութիւն չունի միջազգային անցուդարձերու նկատմամբ, ի բացառեալ մի քանի երկիրներէնª Իսրայէլ, Իրան, Հիւսիսային Քորէա, Չինաստան, որու հետ մաքսային պատերազմի մէջ է ու այդքան: Սպիտակ Տան նախկին ու ներկայ պաշտօնեաներ կը վկայեն, որ Թրամփ չի կարդար իրեն ներկայացուած միջազգային իրադարձութիւններու մասին ամէնօրեայ տեղեկագիրները: Ան իր լուրերը կը քաղէ հեռատեսիլի հաղորդումներէն եւ ոչ թէ իր խորհրդականներէն եւ կամ մասնագէտներէ: Ան հազիւ օրական երկու ժամ կÿանցնէ իր գրասենեակէն ներս եւ ապա կը քաշուի Սպիտակ Տան իր բնակարանի բաժինը, ուր ժամանակը կ՛անցնէ FOX-ի, CNN-ի, MSNBC-ի վրայ տեսածներուն ու լսածներուն մասին «Թիւիթըրով» գրառումներ կատարելով եւ կամ ծանօթներու եւ բարեկամներու հետ հեռաձայնային խօսակցութիւն ունենալով:

Տակաւին այս օրերուն ան պաշտօնէն հեռացուց իր երրորդ Ազգային Ապահովութեան Խորհրդականը՝ Ճոն Պոլթոնը, որ ի դէպ Հայաստան այցելած ամենաբարձր պաշտօնեան էր թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք:

Ինչպէս ներքին հարցերու պարագային, նոյնպէս ալ արտաքին քաղաքականութեան մէջ ներկայիս կը տիրէ անբնական ու քաոսային վիճակ: Թրամփի համար ամէն ինչ կը կրէ ցուցադրական բնոյթ, գլխաւորաբար ուղղուածª իր վերընտրութիւնը ապահովելու:

Այս կացութեան մէջ ակնկալել, որ կրնայ Տեղի ունենալ Թրամփ-Փաշինեան լուրջ հանդիպում եւ քննարկում, խիստ չափազանցուած է: Նման հանդիպում շատ աւելի հաւանական է 2020-ի նախագահական ընտրութիւններէն ետք, եթէ Ամերիկան ունենայ նոր նախագահ: Մինչ այդ Թրափ-Փաշինեան հանդիպումի մասին խօսիլը անիմաստ է:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment