Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Քաղաքներուն Մէջ Հիմնական Յաղթանակ Տարած են «Ազատ Հայրենիք»-ի Անդամները

Արցախի Քաղաքներուն Մէջ Հիմնական Յաղթանակ Տարած են «Ազատ Հայրենիք»-ի Անդամները

by MassisPost

Արցախի Շուշի քաղաքը յառաջիկայ տարիներուն պիտի ղեկավարէ Արծուիկ Սարգսեանը։ Նախօրէին կայացած ընտրութիւններուն անոր օգտին քուէարկած է 879 ընտրող։  Արծուիկ Սարգսեանը Շուշի համայնքի ղեկավարի պաշտօնակատարն է, անկուսակցական։

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) հրապարակած նախնական տուեալներու համաձայն, գրանցուած թեկնածուներէն Արթուր Հայրապետեանը ստացած է 184 ձայն, Խաչատուր Հայրիեանը՝ 120 ձայն, Վլատիկ Համբարձումեանը՝ 56 ձայն։ ԿԸՅ հրապարակած նախնական տուեալներով, քուէարկութեան այստեղ մասնակցած է 1813 մարդ։

Ասկերանի մէջ առաւել մեծ թիւով ձայներ ստացած է Սամուէլ Աղաջանեանը՝ 469։ Ան գործող համայնքապետն է, «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան անդամ է։ Միւս թեկնածուներէն Արմէն Բախշիյեանը, Նուէր Գաբրիէլեանը ստացած է 304 ձայն։ Քաղաքապետի ընտրութիւններուն այստեղ մասնակցած է 1232 ընտրող։

Մարտակերտի մէջ քաղաքապետ ընտրուած է Միշա Գիւրճեանը։ 1824 ընտրողէն անոր օգտին քուէարկած են 945-ը։ Ան գործող քաղաքապետն է, անկուսակցական։

Մարտունիի մէջ քաղաքապետ ընտրուած է Հայկ Սարգսեանը։ Ան ստացած է 1292 ձայն։ Միւս թեկնածուն Վատիմ Դանիէլեանը անոր զիջած է աւելի քան 200 քուէով՝ ստանալով 1051 ձայն։ Ընտրուած թեկնածուն «Ազատ հայրենիք» կուսակցութենէն է, «Գոռ Սարգսեան» ՍՊԸ-ի տնօրէնն է։

Քարվաճառի մէջ 210 ձայնով ընտրուած է Սերկէյ Չիլինգարեանը։ Ան գործող քաղաքապետն է, «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութենէն։ Անոր մրցակից Սերոբ Նալթակեանի օգտին քուէարկած է 190 ընտրող, ընդհանուր առմամբ քուէարկութեան մասնակցած է 407 քաղաքացի։

Հարդրութի քաղաքապետ ընտրուած է Վահան Սաւադեանը՝ 676 ձայնով։ Ան անկուսակցական է, կ’աշխատի «Արցախէներկօ» ընկերութեան մէջ որպէս  ճարտարագէտ։ Անոր միակ մրցակից Արծուիկ Հայրապետեանի օգտին քուէարկած է 565 ընտրող։

Բերձորի մէջ քաղաքապետ ընտրուած է Նարեկ Ալեքսանեանը։ Ան ստացած է 306 քուէ։ Ան համայնքապետի տեղակալն է, «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան անդամ։ Քուէարկութեան մասնակցած է 986 ընտրող։

Յիշեցնենք, որ «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահն է Արցախի նախկին վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանը, որ մտադիր է մասնակցելու Արցախի նախագահի՝ 2020 թուականին կայանալիք ընտրութիւններուն։

Արցախի մայրաքաղաքին մէջ հինգ թեկնածուներէն առաւել մեծ թիւով քուէներ ստացած է Դաւիթ Սարգսեանը։ Անոր օգտին քուէարկած է 7.787 ընտրող։ Ան անկուսակցական է, «Ճեներալ Կրուփ» ընկերութեան գործադիր տնօրէնն է։

Միւս թեկնածուներէն Գրիգորի Սահակեանը ստացած է 4765 ձայն, Արեգ Աւագեանը՝ 3125 ձայն, Արմէն Յակոբեանը՝ 3059 ձայն,  Արայիկ Աւաննէսեանը՝ 2108 ձայն։

Ստեփանակերտի մէջ քուէարկութեան մասնակցած է 21615 ընտրող։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment