Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ 7-րդ Անգամ Ըլլալով Սուրբ Պատարագ Մատուցուեցաւ

Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ 7-րդ Անգամ Ըլլալով Սուրբ Պատարագ Մատուցուեցաւ

by MassisPost

Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի պատմական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի օր 7-րդ անգամ պատարագ մատուցուած է։

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի գլխաւորութեամբ մատուցուած պատարագին հարիւրաւոր մարդիկ ներկայ էին Հայաստանէն, Սփիւռքէն, Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներէն։

«Բացառիկ էր, հրաշալի վայր է Աղթամարը, Վանայ լիճը՝ տեսարանը, խորհուրդը։ Մանաւանդ իմ պարագայիս սա իւրայատուկ երեւոյթ էր, որովհետեւ իմ պապերը մկրտուած են Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ եւ սա ինծի համար ընտանեկան եկեղեցի է», -«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ պատմած է պատարագին ներկայ հաւատացեալներէն մէկը։

«Վանայ լիճը, Վանի եկեղեցին տեսնելու յուզմունքս այնքան մեծ էր, որ միայն արցունքով կրցայ արտայայտել», -պատմած է պատարագի մէկ այլ մասնակից։

akhtamar-2

Թրքական իրաւապահ մարմինները անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկած էին միջոցառման անվտանգութիւնը ապահովելու համար, թէեւ նախորդ տարիներու համեմատ Աղթամարը այնքան ալ մարդաշատ չէր։

Պատարագին մասնակցած էին նաեւ շարք մը թուրք պաշտօնեաներ՝ Վանի նահանգապետ Մեհմետ Էլին Պիլմէզը, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Վանի նահանգային ղեկավար Մուզաֆէր Աքթուղը, Կեւաշ շրջանի ղեկավարութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայը, որու պաշտօնավարման տարիներուն վերականգնուած ու վերաբացուած էր Սուրբ Խաչը։

Պատարագի ժամանակ իր խօսքին մէջ եպիսկոպոս Մաշալեանը շնորհակալութիւն յայտնած է թրքական իշխանութիւններուն նման հնարաւորութիւն ընձեռելու համար։

akhtmar-3

95 տարի դադարէ ետք 2010 թուականէն ի վեր ամէն տարուայ Սեպտեմբերին՝ Խաչվերաց տօնին յաջորդող կամ նախորդող Կիրակի օրը, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցուի, սակայն 2015-էն 2017 թուականներու ընթացքին շրջանին մէջ քիւրտ զինեալներու եւ թրքական զինուժի միջեւ պարբերական բախումներու առնչութեամբ Թուրքիոյ իշխանութիւնները չէին արտօնած պատարագներ կատարելը։ Եռամեայ դադարէն ետք՝ անցեալ տարի, եկեղեցւոյ մէջ կրկին պատարագ տեղի ունեցաւ։

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը 2005 թուականին ձեռնարկած էր Սուրբ Խաչի վերականգնման աշխատանքները։ Մօտ 2 տարի տեւած վերակառուցման նախագիծին համար շուրջ 4 միլիոն լիրա ծախսուած էր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment