Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մխիթարեանի Փայլուն Խաղի Շնորհիւ Հայաստանի Հաւաքականը Պարտութեան Մատնեց Պոսնիա և Հերցեգովինային

Մխիթարեանի Փայլուն Խաղի Շնորհիւ Հայաստանի Հաւաքականը Պարտութեան Մատնեց Պոսնիա և Հերցեգովինային

by MassisPost

Եւրօ-2020-ի որակաւորման փուլի 6-րդ հանգրուանին, Սեպտեմբեր 8-ին Հայաստանի ազգային հաւաքականը Երեւանի Հանրապետական մարզադաշտին վրայ՝ 4:2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պոսնիա և Հերցեգովինայի հաւաքականին:

Հանդիպման հաշիւը բացուեցաւ  3-րդ վայրկեանին, Հենրիխ Մխիթարեանի նշանակած կոլի շնորհիւ: Սակայն հիւրերը կարողացան շատ արագ՝ 12-րդ վայրկեանին հաւասարեցնել հաշիւը, որմէ ետք նախաձեռնութիւնը անցաւ Պոսնիացիներու կողմը։ Մինչեւ խաղի առաջին կէսի աւարտը արդիւնքը մնաց անփոփոխ։

armenia-bosnia-4

Երկրորդ խաղակէսը սկսաւ Հայաստանի հաւաքականի յարձակումներու տեղատարափով ու անոնցմէ մէկը վերջապէս տուաւ իր արդիւնքը: 66-րդ վայրկեանին կազմակերպած գեղեցիկ յարձակումը աւարտեցաւ  Հենրիխ Մխիթարեանի երկրորդ կոլով։  Հայաստանի հաւաքականի ուրախութիւնը դարձեալ շատ կարճ տևեց, քանի որ 70-րդ վայրկեանին հիւրերը դարձեալ  հաւասարեցուցին հանդիպման արդիւնքը: Պոսնիացիներու ուրախութիւնն եւս շատ երկար չտևեց, քանի որ 77-րդ վայրկեանին, Հենրիխ Մխիթարեանի գեղեցիկ փոխանցումէն ետք Յովհաննէս Համբարձումեան մօտ հեռաւորութենէն գնդակը ուղարկեց Պոսնիա և Հերցեգովինայի դարպասը: Մրցավարի աւելցուցած 5-րդ վայրկեանին,  կրկին Հենրիխ Մխիթարեանի հարուածած  գնդակը դպաւ հիւրերու պաշտպանի ոտքին և յայտնուեցաւ դարպասի մէջ:

Այսպիսով խաղը աւարտեցաւ 4:2 արդիւնքով՝ յօգուտ Հայաստանի։

Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 5-ին Հայաստանի ազգային խումբը 1:3 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Իտալիայի դէմ խաղին:

Վեց խաղէ ետք իր վաստակած 9 կէտով Հայաստան կը գրաւէ J խումբի երրորդ տեղը։

armenia-bosnia-3

armenia-bosnia-2

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment