Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Տնտեսութիւնը Յառաջխաղացքի մէջ

Հայաստանի Տնտեսութիւնը Յառաջխաղացքի մէջ

by MassisPost

Պետութիւններու եւ դրամատուներու վարկանիշը ճշդող միջազգային Moody’s գործակալութիւնը վերջերս բարձրացուց Հայաստանի կարողականութիւնը՝ բարելաւում տեսնելով երկրի տնտեսութեան զարգացման ուղղութեամբ: Ասոր կողքին կան նաեւ այլ ցուցանիշեր, որոնք կը հաստատեն տնտեսութեան մէջ նկատելի դրական միտումները:

Վերջին տուեալներու համաձայն տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշ 8,1 տոկոս է, որ կը նկատուի շատ լաւ արդիւնք: Արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալի աճած է 16,1 տոկոս, շինարարութեան աճը՝ 4,1 տոկոս, առեւտուրի շրջանառութեան աճը 9,1 տոկոս, ծառայութիւններու աճը՝ 14,9 տոկոս, միջին աշխատավարձի աճը՝ 8 տոկոս, արտահանման աճը՝ 19,5 տոկոս:

Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը նոյնպէս աճ կ՛արձանագրէ ամիսէ-ամիս: Տարուայ առաջին վեց ամիսներուն, նախքան զբօսաշրջութեան բուն եղանակի սկիզբը, այցելուները ծախսած էին 120 միլիոն տոլար աւելի գումար, քան նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի ընթացքին:

Տնտեսական այս աշխուժութեան ու նաեւ հարկային եւ մաքսային եկամուտներու պիւտճէով նախատեսուածէն աւելի մուտքերուն շնորհիւ, պետութիւնը ներկայիս Կեդրոնական Դրամատան մօտ ունի աւելի քան 600 միլիոն տոլարի պահեստային գումար: Այս բոլոր ցուցանիշերը նաեւ արդիւնք են պետական մակարդակով կոռուպցիայի վերացման եւ մսխումները կրճատելու նպատակով առնուած քայլերուն: Նախկին իշխանութիւններուն օրօք, շատ մը մեծ հարկատուներ իրենց պարտաւորութիւնները կը կատարէին բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն՝ փոխանակ պետութեան: Այժմ խաղի կանոնները փոխուած են ու պետութեան ու հարկատուներու միջեւ միջնորդներու դերը վերացած է:

Պետութեան համար ապահովուած այս յաւելեալ գումարները առիթ տուին, որպէսզի այս տարուայ ընթացքին բարձրանան կենսաթոշակները, զինուորականներու ամսականները ու Սեպտեմբերէն սկսեալ ուսուցիչներու աշխատավարձերը: Ասոնց կողքին մեծ զարկ կը տրուի նոր ճանապարհներու կառուցման եւ հիներու վերանորգման:
Ինչպէս բազմիցս ըսուած է՝ տնտեսութեան մէջ մէկ օրէն միւսը հրաշքներ չեն պատահիր, սակայն այն ինչ որ տեղի կ՛ունենայ ներկայիս Հայաստանի մէջ, փոքրիկ հրաշքի մը համազօր է, այն իմաստով, որ հակառակ համակարգային կտրուկ փոփոխութիւններուն, կարելի եղաւ խուսափիլ տնտեսական անկումէ, որ շատ մը տնտեսագէտներ կը նախատեսէին, թէկուզ կարճ ժամանակուայ համար: 2018-ի յեղափոխութենէն ետք, շնորհիւ կառավարութեան վարած խիստ զգուշաւոր քաղաքականութեան, կարելի եղաւ խուսափիլ տնտեսական ցնցումներէ: Ընդհակառակը, առաջին օրէն նկատելի էր վերընթաց՝ տնտեսութեան գրեթէ բոլոր ճիւղերուն մէջ:

Այս բոլորը անշուշտ չեն բաւարարեր ժողովուրդի ակնկալիքները նոր իշխանութիւններէն ու տակաւին երկար ճամբայ կայ անցնելիք՝ յաղթահարելու համար աղքատութիւնը, անհաւասարութիւնը ու աշխատանքային շուկայի անբաւարարութիւնը:

Մինչ այդ սակայն, Հայաստանի տնտեսութիւնը նկատելի յառաջխաղացքի մէջ է ու երկրի ապագան յուսադրող:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment