Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պօղոս Պօղոսեանի Սպանութեան Բրիտանացի Ականատեսը Հայաստան է եւ Պատրաստ է Դատարանէն Ներս Կրկնելու իր Ցուցմունքը

Պօղոս Պօղոսեանի Սպանութեան Բրիտանացի Ականատեսը Հայաստան է եւ Պատրաստ է Դատարանէն Ներս Կրկնելու իր Ցուցմունքը

by MassisPost

Վրաստանի 43-ամեայ քաղաքացի, դաշնակցական Պօղոս Պօղոսեանի սպանութեան 18 տարի առաջ ականատես եղած Սթիւըն Նիւթոնը Հայաստան է եւ պատրաստ է դատարանէն ներս կրկնելու այն ցուցմունքը, որ 2001 թուականին դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանի նախագահած դատարանը որոշած է հաշուի չառնել՝ հիմնաւորմամբ, թէ այն անգլերէն էր։

Գործով հիմնական վկայ համարուող Մեծ Բրիտանիոյ քաղաքացին, որ 2001-ին որպէս հրաւիրեալ դասախօս դասաւանդած է Կառավարման դպրոցին մէջ, կ’ըսէ՝ տեսած է, թէ ինչպէս երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի թիկնազօրը «Առագաստ» սրճարանի զուգարանին մէջ դաժանաբար ծեծելով սպաննած է Պօղոս Պօղոսեանը՝ այդ օրը սրճարան եկած Շարլ Ազնաւուրին եւ Ռոպերթ Քոչարեանին մօտենալու եւ «փրիւէթ, Ռոպ» ըսելու համար:

Սթիւըն Նիւթոնը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ պատմած է․ – «2001 թուականի սեպտեմբերին ես «Փափլաւոք» էի խումբ մը ընկերներուս՝ երաժիշտներու, արուեստագէտներու, քանդակագործներու հետ, մենք դուրսը լաւ երեկոյ կ’անցընէինք։ Քոչարեանը եկաւ իր շքախումբով։ Անոր հետ էր Ազնաւուրը, եւ բոլորը ծափահարեցին հաճելի ծերուկին։ Անոնք նստեցան սեղանի շուրջ։ Բայց այդ երեկոյ աւելի վաղ այդտեղ էին երկու տղամարդիկ, որոնք ենթադրաբար Քոչարեանին գիտէին, ինչ-որ առիթ կը նշէին։ Ըստ երեւոյթին, անոնք մօտեցան Քոչարեանի սեղանին՝ ըսելով՝ «Բարեւ, Ռոպ» կամ նման բան մը։ Եւ ան անկէ վիրաւորուեցաւ։ Երբ Քոչարեանը գնաց, մենք նստած էինք՝ ներքեւը, ուղիղ տղամարդոց համար նախատեսուած զուգարանի եւ դէպի ճանապարհ տանող աստիճաններու դիմաց։ Քոչարեանին բարեւող տղամարդիկ անոր ետեւէն գացին ու յետոյ ետ եկան, անոնց թիկնապահները ետ հրեցին, հրեցին տղամարդոց զուգարանը։ Կինս ըսաւ, որ անոնց պիտի սպանեն։ Ես չէի հաւատար լսածիս ու ըսի․ – «Ոչ, քանի դեռ ես այստեղ եմ»։ Ես վազեցի, մտայ ներս։ Այդ Կուկու կոչուածը ատրճանակի կոթով կը ծեծէր երկրորդ տղամարդուն։ Ես անոր հրեցի։ Երբ մտայ ներս, երկրորդ տղամարդը՝ Պօղոս Պօղոսեանը, ինկած էր գետին, ան համարեայ մեռած էր, անոր գլուխը ուռած էր։ Ես պոռացի՝ օգնութիւն կանչեցի։ Անոնք չէին գիտեր, թէ ես ով եմ։ Կը կարծեմ, մտածեցին, թէ դեսպան եմ, քանի որ «քոսթիւմով» էի: Կինս եկաւ, որ տեսնէ, թէ ինչ կը կատարուի հետս, մտահոգուած էր։ Ես անոր ըսի, որ շտապօգնութիւն կանչէ։ Բժիշկները շատ արագ եկան, բայց այդ տղամարդը մահացաւ…»։

74-ամեայ Սթիւըն Նիւթոնը պատմած է, որ յաջորդ օրն իսկ Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանը օգնած է իրեն մեկնիլ Ռումինիա, քանի որ իր անվտանգութեան հետ կապուած անհանգստութիւններ ունեցած են: Նիւթընը, սակայն, կնիքով հաստատուած իր ցուցմունքը այդ երկրի մէջ բրիտանական հիւպատոսի ներկայութեամբ ստորագրած է եւ ուղարկած է Հայաստան: Ցուցմունքը, որուն իր օրինակը Նիւթընը մինչեւ հիմա կը պահէ, Պօղոս Պօղոսեանի իրաւայաջորդներու փաստաբան Ռուբէն Սահակեանը չի յաջողած կցել գործին: Նկատենք՝ Ռուբէն Սահակեանը այժմ Քոչարեանի շահերը պաշտպանող փաստաբաններէն մէկն է, իսկ այն ժամանակ կը ներկայացնէր սպաննուած Պօղոս Պօղոսեանի եղբօրը:

Բրիտանացին նաեւ յիշած է՝ դէպքի օրը սրճարանին մէջ տեսած է նաեւ այն ժամանակուայ արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանին, որ որեւէ կերպ չէ արձագանգած օտարերկրացիի պնդումներուն, որ հիմա նոր սրճարանին մէջ մարդ սպաննուած է ու պէտք է ոստիկանութիւն հրաւիրել:

Ի դէպ, Սթիւըն Նիւթընը ըսած է՝ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք՝ դեռ անցած տարի իր ցուցմունքը պարունակող նամակ ուղարկած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, բայց դեռ պատասխան չէ ստացած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment