Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Քոչարեանի Փաստաբանները Մէկ Խնդիր Կը Լուծեն՝ Թոյլ Չտալ, Որ Մարտ 1-ի Գործով Դատաքննութիւնը Սկսի». Անդրանիկ Քոչարեան

«Քոչարեանի Փաստաբանները Մէկ Խնդիր Կը Լուծեն՝ Թոյլ Չտալ, Որ Մարտ 1-ի Գործով Դատաքննութիւնը Սկսի». Անդրանիկ Քոչարեան

by MassisPost

«Որոշմանը պէտք է խորութեամբ ծանօթանամ, որպէսզի գնահատական տամ»,- խորհրդարանէն ներս, լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը՝ պատասխանելով Ռոպերթ Քոչարեանի գործով Սահմանադրական դատարանի այսօր հրապարակած որոշման, որ մասամբ բաւարարեց Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբաններու դիմումը:

Անդրանիկ Քոչարեանը այս որոշման մասին նախնական գնահատականներ չէ ուզած հնչեցնել: Aravot.am-ի հարցին՝ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանական խումբի անդամը մեկնաբանելով Սահմանադրական դատարանի որոշումը ըսաւ, որ իրենց պաշտպանեալի նկատմամբ կալանքը մինչ այժմ իրաւաչափ չէ եղած եւ, փաստօրէն, Ռոպերթ Քոչարեան պէտք է ազատ արձակուի, Անդրանիկ Քոչարեանը պատասխանած է՝ «կրնան մեկնաբանել ինչպէս իրենք կ՛ուզեն, որովհետեւ ատոր համար իրենք կը վարձատրուին. Իսկ իրաւական առումով, պէտք է հասկանալ, թէ ի՞նչ խնդիրներ կարող են առաջանալ այս գործընթացի ընթացքում:

Ինձ համար, շատ կարեւոր էր, որ ՍԴ-ն այս գործընթացում չհանդիսանար խոչընդոտ մեր հասարակութեան համար, որպէսզի ինքը էապէս ունենար հնարաւորութիւն իմանալ, թէ Մարտի 1-ին ինչ է տեղի ունեցել: Մենք ուզում ենք Մարտի 1-ի լիարժէք բացայայտում»: Անդրանիկ Քոչարեանի համոզմամբ, Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանական խումբը մէկ խնդիր կը լուծէ՝ թոյլ չտալ, որ Մարտ 1-ի գործով դատաքննութիւնը սկսի կամ սկսի այնպէս, որ իրենք հնարաւորութիւն ունենան խոչընդոտել վկաներու՝ դատարան գալը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment