Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանադրական Դատարանը Հակասահմանադրական Ճանչցաւ Քոչարեանի Վիճարկած Երկու Յօդուածներէն Մին

Սահմանադրական Դատարանը Հակասահմանադրական Ճանչցաւ Քոչարեանի Վիճարկած Երկու Յօդուածներէն Մին

by MassisPost

Սեպտեմբեր 4-ին Սահմանադրական Դատարանը հրապարակեց Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դիմումի քննութեան արդիւնքով կայացուցած որոշումը, որուն համաձայն, Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի՝ նախկին նախագահի վիճարկած յօդուածներէն մէկը՝ 35-րդը, ճանչցաւ երկրի Հիմնական օրէնքին չհամապատասխանող եւ անվաւեր, միւսը՝ 135-րդը՝ Սահմանադրութեան համապատասխանող:

Մարտ 1-ի գործով սահմանադրական կարգի տապալման մէջ մեղադրուող եւ կալանքի տակ գտնուող նախկին նախագահը բարձր դատարանէն խնդրած էր ստուգել Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի՝ խափանման միջոց կիրառելու հիմքերու եւ քրէական գործի վարոյթը կամ քրէական հետապնդումը բացառող հանգամանքներու մասին յօդուածներու սահմանադրականութիւնը:

Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 35-րդ յօդուածը կը վերաբերի քրէական գործի վարոյթը կամ քրէական հետապնդումը բացառող հանգամանքներուն, 135-րդ յօդուածը՝ խափանման միջոց կիրառելու հիմքերուն:

ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը իր դիրքորոշումը պիտի յայտնէ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գործով Սահմանադրական դատարանի որոշումը ամբողջութեամբ ունենալէ ետք: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժնի պետ Արեւիկ Խաչատրեանը:

«ՍԴ որոշման հնարաւոր հետեւանքներու մասին կարելի է խօսել միայն այդ որոշումն ամբողջութեամբ ունենալու դէպքում: Հետեւաբար՝ մինչ այդ ոչինչ ասել չենք կարող»,- ըսած է Խաչատրեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment