Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հենրիխ Մխիթարեան Պայմանագիր Կնքած է Իտալական «Ռոմա» Խումբին Հետ

Հենրիխ Մխիթարեան Պայմանագիր Կնքած է Իտալական «Ռոմա» Խումբին Հետ

by MassisPost

Հայաստանի ազգային հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեանը ժամանած է Հռոմի օդակայան:

«Արմէնբրես»ի փոխանցմամբ` Pagineromaniste-ն յայտնած է, որ հայ կիսապաշտպանը բուժզննումը բարեյաջող անցընելէ ետք վարձավճարով պիտի միանայ «Ռոմա»-ին:

«Ռոմա»-ն եւ Լոնտոնի «Արսէնալ»-ը արագ բանակցութիւններէ ետք, կնքած են պայմանագիրը: Ֆութպոլիստը Հռոմի մէջ մէկ մրցաշրջանի համար պիտի ստանայ աւելի քան 3,5 միլիոն եւրօ:

Մխիթարեանը 2018-ի Յունուարէն հանդէս կու գայ լոնտոնեան խումբին մէջ, ուր տեղափոխուած էր «Մանչեսթըր Եունայթըտ»էն: «Արսէնալ»ի կազմին մէջ ընդհանուր առմամբ 59 հանդիպման մասնակցած է՝ դառնալով 9 կոլի եւ 13 կոլային փոխանցման հեղինակ:

Ընթացիկ մրցաշրջանին Մխիթարեանը  «Արսէնալ»ի 4 խաղէն մասնակցած է 3-ին եւ միայն մէկի ժամանակ դաշտ մտած է մեկնարկային վայրկեաններէն սկսեալ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment