Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Անկախութեան Օրուան Միջոցառումներ Ստեփանակերտի մէջ

Արցախի Անկախութեան Օրուան Միջոցառումներ Ստեփանակերտի մէջ

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 28-րդ տարեդարձի առթիւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ վաղ առաւօտէն մեկնարկած էին տօնական միջոցառումները:

Ինչպէս յայտնած են Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանի եւ հայկական երկու պետութիւններու բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը եւ Երեւանի աւագանիի անդամները մասնակցած են աւանդական քայլերթին:

Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն քայլերթի մասնակիցները հասած են մինչեւ քաղաքային յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ խոնարհած են Հայրենիքի համար կեանքը զոհած հերոսներու յիշատակին: Տեղի ունեցած է նաեւ Պաշտպանութեան բանակի պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր քայլերթը:

artsakh-28-2

artsakh-28-3

artsakh-28-4

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment