Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայ Հակաօդայինները «Աշուլուկ» Զօրավարժարանին Մէջ Մարզումներ Կատարած են Ս-300 Համակարգերով

Հայ Հակաօդայինները «Աշուլուկ» Զօրավարժարանին Մէջ Մարզումներ Կատարած են Ս-300 Համակարգերով

by MassisPost

«Մարտական ընկերակցութիւն-2019» զօրավարժութեան մեկնարկին ընդառաջ Ռուսաստանի Դաշնութեան  Զինուած ուժերու «Աշուլուկ» զօրավարժարանին մէջ կ’ընթանան մարզումներ։

Մասնակից պետութիւններու զինծառայողները արդէն ընդունած են սարքերը եւ հնարաւոր բարդութիւնները յայտնաբերելու ու որոշակի անսարքութիւններն ու անճշտութիւնները վերացնելու նպատակով աշխոյժ մարզումներ կը կատարեն։ ՀՀ զինուած ուժերու  հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու  ստորաբաժանումը այս առումով բաւականին փորձառութիւն ունի եւ յայտնաբերուող խնդիրներուն կ’արձագանգէ արագ ու հմտօրէն։

Համատեղ զօրավարժութեան մտայղացման, ստորաբաժանումներու գործողութիւններու եւ այլ հարցերու յստակացման նպատակով ներգրաւուած ստորաբաժանումներու ղեկավար կազմի մասնակցութեամբ տեղի կ’ունենան խորհրդակցութիւններ ու քննարկումներ։ Պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են առաջադրուող խնդիրներու եւ պայմանական թիրախներու տեսակներու վերաբերեալ։

«Մարտական ընկերակցութիւն-2019» զօրավարժութեան ներգրաւուած են գերժամանակակից հակօդային ու օդանաւային միջոցներ։  Զօրավարժութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 2-ին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment