Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գագիկ Խաչատրեանին եւ Անոր Եղբօրորդիին Դէմ Մեղադրանք Առաջադրուած է

Գագիկ Խաչատրեանին եւ Անոր Եղբօրորդիին Դէմ Մեղադրանք Առաջադրուած է

by MassisPost

«Սուփըրնախարար» անունը ստացած նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ Գագիկ Խաչատրեանին եւ անոր եղբօրորդիին մեղադրանք առաջադրուած է: Նախաքննական մարմինը միջնորդութիւն ներկայացուցած է անոնց նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու վերաբերեալ: Տեղեկութիւնը «Ազատութեան» փոխանցած է փաստաբան Երեմ Սարգսեանը:

Վերջինիս փոխանցմամբ Գագիկ Խաչատրեանը կը մեղադրուի պաշտօնէական դիրքի չարաշահման եւ մեծ չափերու վատնման մէջ:

Փաստաբան Սարգսեանը բողոքարկած է Խաչատրեաններու ձերբակալման որոշումները, որոնք, ըստ երեւոյթին, պիտի քննուին կալանքի միջնորդութիւններու հետ:

Յիշեցնենք, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Գագիկ եւ Կարէն Խաչատրեաններուն ձերբակալած է Օգոստոս 27-ին: Նոյն օրը առաւօտեան խուզարկութիւններ կատարուած են անոնց պատկանող տարածքներուն մէջ: Անոնց առաջադրուած մեղադրանքը կ’առնչուի Գագիկ Խաչատրեանի` Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ եղած ժամանակահատուածին ենթադրեալ յանցանք կատարելուն: Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, Պետական եկամուտներու կոմիտէին  (ՊԵԿ) մօտ գրանցուած են աշխատակիցներ, որոնց աշխատավարձ փոխանցուած է, սակայն իրականութեան մէջ աշխատանքի չեն յաճախած:

Գագիկ Խաչատրեանը 2008 թուականէն սկսեալ զբաղեցուցած է Պետական եկամուտներու կոմիտէ (ՊԵԿ) նախագահի պաշտօնը, իսկ 2016-էն ղեկավարած է միաւորուած ՊԵԿ-ն ու ելեւմուտի նախարարութիւնը, որ ընդդիմադիրները կ’անուանէին «սուփըրնախարարութիւն», իսկ Գագիկ Խաչատրեանին «սուփըրնախարար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment