Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեր Ռազմարդիւնաբերական Համալիրը Մրցունակ Պէտք է Դառնայ Նաեւ Արտաքին Շուկաներուն Մէջ. Նիկոլ Փաշինեան

Մեր Ռազմարդիւնաբերական Համալիրը Մրցունակ Պէտք է Դառնայ Նաեւ Արտաքին Շուկաներուն Մէջ. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան եւ տնտեսութեան նախարարներ՝ Յակոբ Արշակեանի ու Տիգրան Խաչատրեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Կոտայքի մարզի ռազմարդիւնաբերական N ընկերութիւն: Շրջայցի ընթացքին վարչապետին ներկայացուած է ընկերութեան ռազմական արտադրանքը, արտադրութեան կազմակերպման գործընթացը եւ զարգացման հեռանկարները:

Այնուհետեւ վարչապետը հանդիպում ունեցած է Ռազմարդիւնաբերողներու միութեան անդամներու եւ ռազմարդիւնաբերական ոլորտի ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ:

«Ես բազմիցս եմ ասել, որ Հայաստանի տնտեսութեան մեր տեսլականը հետեւեալն է՝ Հայաստանը պէտք է լինի արդիւնաբերական երկիր: Արդիւնաբերութեան եւ ընդհանրապէս տնտեսութեան մէջ մենք առաջնային դերակատարում ենք տալիս Ռազմարդիւնաբերական համալիրին՝ պայմանով, որ Ռազմարդիւնաբերական համալիրը պէտք է ամէն օրուայ, ամէն շաբաթուայ, ամէն ամսուայ եւ ամէն տարուայ հետ լինի արհեստագիտական, այսինքն՝ համապատասխանի ժամանակակից բոլոր արհեստագիտական չափանիշներին կամ առնուազն շարժուի այդ ուղղութեամբ: Երկարաժամկէտ իմաստով մենք պէտք է նաեւ արհեստագիտական նախաձեռնութիւններ ցուցաբերելու, արհեստագիտական նորարարութիւններ արտադրելու հնարաւորութիւն ունենանք: Ի հարկէ, Ռազմարդիւնաբերական համալիրը մեզ համար ունի մի քանի կարեւոր առանցքային նշանակութիւն, որոնք բոլորն էլ ունեն ռազմավարական բնոյթ»,-ըսած է ան։

Վարչապետը ըսած է,  ցաւօք, այս ընթացքին նաեւ այս ոլորտի մէջ ամէն ինչ չէ, որ հարթ կ’ընթանայ:

«Ես նկատի ունեմ՝ պետական պատուէրի ոլորտը: Եւ մենք այստեղ, քաղաքական նպատակադրումը ձեւակերպելով, պէտք է խնդիրը խորութեամբ եւ համապարփակ հասկանանք, որովհետեւ, ասելով, որ Ռազմարդիւնաբերական համալիրի համար մենք պէտք է պետական պատուէր ապահովենք, մենք նկատի ունենք, որ դրա նպատակը պէտք է լինի ոչ թէ ուղղակի Ռազմարդիւնաբերական համալիրը պահելը, այլ աջակցելը, որպէսզի մեր Ռազմարդիւնաբերական համալիրը մրցունակ դառնայ նաեւ արտաքին շուկաներում:

Ի հարկէ, հասկանալի է, որ դա մէկ օրում տեղի չի ունենայ, բայց շատ կարեւոր եմ համարում ընդգծել, որ մեր նպատակադրումը ոչ թէ այն է, որ Ռազմարդիւնաբերական համալիրը գոյատեւի, այսպէս ասած պետական պատուէրի այդ նեղ, «եոլա գնալու» տրամաբանութեան մէջ, այլ հնարաւորինս ընդլայնուած պետական պատուէրը պէտք է օգնի Ռազմարդիւնաբերական համալիրին, որպէսզի այն զարգանայ եւ մրցունակ լինի առաջին հերթին արտաքին շուկաներում, նաեւ ներքին շուկայում»,-ըսած է ան։

Ամփոփելով քննարկումը՝ վարչապետը ընդգծած է, որ կառավարութիւնը այս ոլորտի հետ կապուած նախանշած է յաւակնոտ խնդիրներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment