Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ինչու Մաս Չենք Կազմեր

Ինչու Մաս Չենք Կազմեր

by MassisPost

Վերջերս յայտարարուեցաւ համայնքէն ներս նոր մարմինի մը կազմութեան մասին՝ «Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ» անուան տակ: Շատեր նկատեցին, թէ այդ Խորհուրդին միացած աւելի քան քսան կազմակերպութիւններուն մէջ չկայ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան անունը: Յայտարարութեան հրապարակումէն ասդին բազմաթիւ հարցադրումներ եղան Կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն, թէ ինչո՞ւ ՍԴՀԿ մաս չի կազմեր այդ Խորհուրդին: Մեր ժողովուրդը միշտ ալ ոգեւորուած է միասնականութեան երեւոյթներու ի տես եւ այս իմաստով մեր բացակայութեան մասին մտահոգութիւնները կը նկատենք բնական ու տեղին:

Լոս Անճելըսահայ համայնքէն ներս վերջին տարիներուն կազմուած են ու կը գործեն բազմաթիւ միացեալ մարմիններ, ուր համախմբուած են Խորհուրդին մաս կազմող գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւններ, իրենց անմիջական մասնակցութեամբ եւ կամ զիրենք հովանաւորող կուսակցութիւններուն միջոցաւ: Այստեղ կը գործէ Հայկական Ցեղասպանութեան տարելիցները նշող միացեալ մարմինը, նոյն կազմակերպութիւնները մէկ սեղանի շուրջ նստած են Հայ Ամերիկեան Թանգարանի ծրագիրը իրագործելու նպատակով, նոյնպէս Հայաստան Հիմնադրամի վարչութենէն ներս: Ասոնց կողքին կայ նաեւ Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոսութիւնը, որ տարբեր առիթներով եւ յատուկ ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով կը հրաւիրէ մեր բոլոր կազմակերութիւններ: Ասոր մէկ օրինակն է այս օրերուն ընթացող ժողովներն են՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Սեպտեմբեր 22-23-ին Լոս Անճելըս կատարելիք պատմական այցելութիւնը բարձր մակարդակով կազմակերպելու եւ յաջողութեամբ իրագործելու նպատակով:

ՍԴՀԿ-ի ներկայացուցիչները մասնակցելով խորհրդակցական առաջին ժողովին, անբաւարար գտան նման մնայուն մարմինի մը կազմութեան անհրաժեշտութեան մասին հնչած կարծիքները: Նոյնպէս, մեզի համար յստակ չէր անոր գործունէութեան դաշտը, նպատակն ու առաքելութիւնը: Ընդհակառակը, մենք նկատեցինք, որ կար նախապէս պատրաստուած ծրագիր ու ձգտում՝ ամբողջ համայնքի ղեկավարութիւնը ստանձնելու ուղղութեամբ: Որպէս 132 տարուայ պատմութիւն ունեցող քաղաքական կուսակցութիւն, ՍԴՀԿ չի կրնար իր ինքնուրոյնութիւնը զիջիլ որեւէ այլ կազմակերպութեան եւ կամ անհատներու, ըլլան անոնք եկեղեցական կամ կուսակցական:

Մենք նպատակայարմար չենք նկատեր նման Խորհուրդի կազմութիւնը եւ կը խորհինք որ ան կրնայ բացասական հակազդեցութիւն յառաջացնել այս համայնքէն ներս, ուր կը գործեն բազմաթիւ այլ կառոյցներ ու անհատ նախաձեռնութիւններ, որոնք իրենց կարգին ներդրում ունին մեր ազգային կեանքէն ներս:

Ինչպէս անցեալին, այսուհետեւ եւս ՍԴՀԿ պատրաստ է համագործակցելու ազգային մեր բոլոր կառոյցներուն հետ՝ ի շահ Հայաստանի ու Արցախի եւ մեր ազգային գերագոյն նպատակներու իրագործման ուղղութեամբ: Սակայն մնայուն կառոյցի մը ստեղծումը կը գտնենք անհեռանկարային ու ժամանակավրէպ:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment