Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճան Հայաստանը կը Մեղադրէ Հակամարտութիւնը Սրման Մէջ

Ատրպէյճան Հայաստանը կը Մեղադրէ Հակամարտութիւնը Սրման Մէջ

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանը կ’երթայ հակամարտութեան սրման, յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը արձագանգելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի վերջին ելոյթին:

Հայաստանի դիւանագիտական    կառոյցի ամէնամեայ համաժողովը բանալով, Զոհրապ Մնացականեանը պնդած էր՝ «Ատրպէյճանն իր անփոփոխ հայատեաց քաղաքականութեամբ շարունակում է մնալ Արցախի ժողովրդի գոյութեան սպառնալիք»։

«Հայաստանի նոր իշխանութիւնները պէտք է ի վերջոյ կողմնորոշուին՝ խաղաղութիւն կ’ուզեն, թէ իրավիճակի սրացում»,- արձագանգած է պաշտօնական Պաքուն, պնդելով, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը միտումնաւոր իրավիճակի սրացման կ’երթայ: – «Այդուամենայնիւ, ցանկացած սենարի պարագային ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանը երբեք պիտի չհամակերպուի ներկայիս «սթաթուս-քոյի» հետ, մեր համբերութիւնը անսահմանափակ չէ», -յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:

Ելոյթին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յիշեցուցած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին դիրքորոշումը. – «Հայաստանը չի կարող գնալ կարգաւորման որեւէ տարբերակի, որը կարող է վտանգել Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը եւ սահմանափակել ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման շրջանակը»,-ըսած էր Մնացականեանը:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ի պատասխան պնդած է.- «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդ հասկացութիւն գոյութիւն չունի, կան այդ շրջանի հայկական ու ատրպէյճանական համայնքներ: Տարածաշրջանի բնակիչներու ինքնորոշման իրաւունքի ձեւաչափերը յստակ քննարկման կրնան դրուիլ միայն Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնքի հիմնարար իրաւունքները վերականգնելէ, հարազատ բնակավայրեր անոնց անվտանգ վերադարձէ ու արժանապատիւ կեցութիւնը ապահովելէ ետք»:

Հայաստանեան դիւանագէտներու ամէնամեայ հաւաքին հակամարտութեան կարգաւորման մասին նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը խօսած էր, վերստին պնդելով՝ «ի սկզբանէ Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութիւններում բանակցող երեք կողմ է եղել, եւ դա, ըստ էութեան, միջազգայնօրէն ճանաչուած միակ բանակցային ձեւաչափն է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment