Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ձերբակալուած է Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի Նախկին Նախագահ Գագիկ Խաչատրեանը

Ձերբակալուած է Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի Նախկին Նախագահ Գագիկ Խաչատրեանը

by MassisPost

ՀՀ Ելեւմուտքի նախկին նախարար, Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանը եւ Կարէն Խաչատրեանը պաշտօնէական դիրքի չարաշահման եւ առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքի վատնման կասկածանքով բերման ենթարկուած են ՀՀ ԱԱԾ քննչական բաժանմումք եւ ձերբակալուած: Այս մասին կը տեղեկացնէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնական կայքէջը:

Նշենք, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական բաժանմունքը խուզարկութիւն իրականացուցած է Գագիկ Խաչատրեանին պատկանող բնակարանին, առանձնատան, տարածքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Գագիկ Խաչատրեանի հետ կապ ունեցող այլ անձանց տարածքներուն եւ առանձնատուներուն մէջ:

Ըստ ԱԱԾ հաղորդագրութեան, նախաքննութիւնը կը շարունակուի: Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը յայտնած է, որ չի բացառուիր, որ մեղադրանքը լրացուի նաեւ այլ յօդուածներով:

«Ազատութեան» հարցին, թէ որ թուականներուն կը վերաբերի քրէական գործը, ԱԱԾ տնօրէնը արձագանգած է. «Պաշտօնավարման ընթացքի մասին է խօսքը»:

Թէ ի՞նչ չափի գումարի մասին է խօսքը, Վանեցեանը պատասխանած է. «Տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ»:
«Մեղադրանքը 72 ժամուան ընթացքին կ’ըլլայ, այսինքն բերման ենթարկուելէն ետք մենք ունինք 72 ժամ», – նշած է ԱԱԾ տնօրէնը:

Հարցին, թէ անոր հետ կապ ունեցող այլ անձինք ովքեր են, Վանեցեանը արձագանգած է. «Մէկ հոգիի անունը կրնամ ըսել՝ Կարէն Խաչատրեան»:

Վանեցեանը ընդգծած է, որ Կարէն Խաչատրեանն ալ բերման պիտի ենթարկուի՝ նշելով. «Քննչական բաժանմունք բերման ենթարկուած բոլոր անձանց կարգավիճակը քննիչները պիտի որոշեն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment