Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սահմանադրական Դատարանը 29 Օգոստոսին Պիտի Քննէ Ռոպերթ Քոչարեանի Դիմումը

Սահմանադրական Դատարանը 29 Օգոստոսին Պիտի Քննէ Ռոպերթ Քոչարեանի Դիմումը

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանը, Օգոստոս 29-ին, գրաւոր ընթացակարգով պիտի քննէ Մարտ 1-ի գործով առանցքային մեղադրեալ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ     Քոչարեանի դիմումը։ Ըստ այդմ, մեղադրեալ Քոչարեանը բարձր դատարանէն կը խնդրէ ստուգել Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի միաժամանակ երկու՝ խափանման միջոց կիրառելու հիմքերու եւ քրէական գործի վարոյթը կամ քրէական հետապնդումը բացառող հանգամանքներու մասին յօդուածներու սահմանադրականութիւնը։

Բացի այս դիմումէն, երկրորդ նախագահի գործով բարձր դատարանի մօտ քանի մը դիմում եւս կայ։ Քոչարեանի ներկայացուցիչը ամիսներ առաջ Սահմանադրական դատաան դիմած էր նաեւ երկրորդ նախագահին մեղսագրուող Քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածի՝ սահմանադրական կարգը տապալելու մասին դրոյթի սահմանադրականութիւնը եւ նախագահի անձեռնմխելութեան հիմնարկի էութիւնը որոշելու խնդրանքով։

Սահմանադրական դատարանը որոշում  կայացուցած էր քննութեան առնել 300.1 յօդուածի մասով երկու դիմումները եւ միաւորել անոնք մէկ վարոյթի մէջ։ Յետոյ արդէն բարձր դատարանը որոշում կայացուցած էր կասեցնել այս գործի քննութիւնը ու այն ուղարկել միջազգային կառոյցներուն՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին եւ Եւրոպայի խորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովին՝ խնդրելով խորհրդատուական կարծիք տրամադրել Քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածի վերաբերեալ:

Ինչ կը վերաբերի մէկ ամիս առաջ մէջ այլ քրէական գոծով լիազօրութիւնները կասեցուած դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի դիմումի միւս հարցին՝ նախագահի անձեռնմխելիութեան հիմնարկին, ապա բարձր դատարանը մերժած էր այն քննել։ Սահմանադրական դատարանի անդամ Ալվինա Կիւլումեանը այդ ժամանակ «Ազատութեան» ըսած էր, որ բարձր դատարանը մերժած է նախագահի անձեռնմխելիութեան հարցի քննութիւնը, քանի որ, իրենք չունին առանձին լիազօրութիւն՝ մեկնաբանելու սահմանադրական չափանիշը, այդ կրնան ընել, եթէ վիճարկուող հարցը արտայայտուած ըլլայ օրէնքի համապատասխան չափանիշի մէջ։ Տուեալ պարագային նախագահի անձեռնմխելիութեան մասին նշուած է միայն մայր օրէնքին մէջ, Քրէական օրէնսգիրքին մէջ նման դրոյթ չկայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment