Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լրագրողական Կազմակերպութիւնները Վիճայարոյց կը Համարեն Կառավարութեան Մշակած Օրէնսդրական Փոփոխութիւնը

Լրագրողական Կազմակերպութիւնները Վիճայարոյց կը Համարեն Կառավարութեան Մշակած Օրէնսդրական Փոփոխութիւնը

by MassisPost

Լրագրողական կազմակերպութիւնները խիստ վիճայարոյց կը համարեն Արդարադատութեան նախարարութեան մշակած եւ Քրէական օրէնսգիրքին մէջ առաջարկուող փոփոխութիւնը, որ ըստ կազմակերպութիւններու, կրնայ յանգեցնել «արտայայտուելու ազատութեան իրաւունքի չարդարացուած սահմանափակման»:
Հայաստանի իշխանութիւնները մտադիր են քրէականացնել բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչերն ու բռնութիւնը հրապարակայնօրէն արդարացնելը կամ քարոզելը։

Արդարադատութեան նախարարութիւնը  նախորդ շաբաթ հանրային քննարկման ներկայացուց «Քրէական օրէնսգիրքին մէջ լրացում կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծը, որով կ’առաջարկուի պատասխանատուութիւն նախատեսել անձի կեանքի կամ առողջութեան համար վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչերու, անձի կեանքի կամ առողջութեան համար վտանգաւոր բռնութիւնը հրապարակայնօրէն արդարացնելու կամ նման բռնութիւն քարոզելու համար։

Պատիժը տուգանքն է նուազագոյն աշխատավարձի հինգհարիւրապատիկից հազարապատիկի չափով կամ կալանքը` երկուքէն երեք ամիս ժամկէտով, կամ ազատազրկումը` առաւելագոյնը երեք տարի ժամկէտով:

Տեղեկատւութեան ազատութեան կեդրոնի ղեկավար Շուշան Դոյդոյեանը կը կարծէ, որ առաջարկուող կարգաւորման բուն նպատակը պէտք է ըլլար ՀՀ օրէնսդրութեամբ տալ «ատելութեան խօսք» հասկացութեան յստակ եւ սպառիչ սահմանումը։ Մինչդեռ, ըստ Դոյդոյեանի, առաջարկուող կարգաւորումը ոչ միայն չի տար «ատելութեան խօսք» հասկացութեան սպառիչ եւ ամբողջական սահմանումը, այլեւ խիստ ընդհանրական ձեւակերպմամբ փորձ կ’ըլլայ քրէական պատասխանատուութիւն, ներառեալ ազատազրկում սահմանել բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչերու, բռնութիւնը հրապարակայնօրէն արդարացնելու կամ քարոզելու համար։

Լրագրողական կազմակերպութիւնները կ’ընդգծեն նաեւ, որ պետական մարմիններու միջամտութիւնը պէտք է համաչափ ըլլայ եւ չյանգեցնէ ազատ արտայայտուելու իրաւունքի անհիմն սահմանափակման։

Դոյդոյեանը նշած է, որ լրագրողական կազմակերպութիւնները իրենց կարծիքը ուղարկած են Արդարադատութեան նախարարութեան։ Կ’առաջարկեն կլոր սեղանի շուրջ քննարկել նախագիծը:

Դեռ երկու ամիս առաջ կառավարութեան նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իրաւապահ մարմիններուն յանձնարարեց ոչ թէ թաւշեայ, այլ երկաթեայ հակահարուած տալ բռնութեան քարոզ հնչեցնող ուժերուն, որոնց շարքին վարչապետը դասեց նախկին փտած համակարգի հետ ուղղակի կամ անուղղակի կապ ունեցողները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment