Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախեան Զեկոյցին Համար Պաքու Բողոքի Գիր Յղած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարին

Արցախեան Զեկոյցին Համար Պաքու Բողոքի Գիր Յղած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարին

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն բողոքի գիր յղած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին ՝ Հայաստանի կողմէ կառոյցին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մասին փաստաթուղթի տարածման կապակցութեամբ:

Ըստ հայկական կողմի՝ ՄԱԿ-ի մէջ մասնաւորապէս զեկոյց տարածուած է՝ «Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ ժողովրդավարական պետութիւն կառուցելու եւ տնտեսական, ընկերային ու մշակութային զարգացում ապահովելու նպատակով Արցախի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ»:

Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը յայտարարած է, որ Երեւանը «չարաշահած է իր անդամակցութեան իրաւունքը եւ անջատական ապօրինի ռեժիմի մասին թուղթեր տարածած»:

Լեռնային Ղարաբաղի դիւանագիտական գերատեսչութեան հեղինակած այդ փաստաթուղթին մէջ, որ տեղադրուած է ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքէջին մէջ, ներկայացուած է տեղեկատւութիւն երկրի տարբեր ոլորտներուն մէջ առաջընթացի մասին:

Կարդալ զեկոյցը

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment