Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միհրան Պօղոսեանը Չարտայանձնելը Քաղաքական Որոշում է. Արա Ղազարեան

Միհրան Պօղոսեանը Չարտայանձնելը Քաղաքական Որոշում է. Արա Ղազարեան

by MassisPost

Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Արա Ղազարեանի կարծիքով Ռուսաստանը, մերժելով արտայանձնել նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչ, մեղադրեալ Միհրան Պօղոսեանը առանց որեւէ իրաւական պատճառաբանութեան, կայացուցած է ոչ թէ իրաւական, այլ քաղաքական որոշում եւ այդպիսով իսկ ցոյց տուած, որ ոչ բարեխիղճ ձեւով կը կիրառէ այն պայմանագիրը, որ վկայակոչած է մերժման գիրին մէջ։
«Պարզ է, որ սա քաղաքական որոշում է՝ Միհրան Պօղոսեանին չտալը: Որովհետեւ իրաւական հիմքերը թոյլ են: Ուրիշ բան, եթէ Միհրան Պօղոսեանը հետապնդուէր իր քաղաքական գործունէութեան համար, կամ իր հայեացքների համար, կամ իր կրօնական համոզմունքի համար եւ լինէր անխուսափելի վտանգ, որ այստեղ կ’ենթարկուէր խոշտանգումների կամ արդարադատութիւնը մատչելի չէր լինի», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ մեկնաբանած է Արա Ղազարեանը՝ շարունակելով. – «Բայց բոլորս հասկանում ենք, որ նման հիմքեր չկան: Նշանակում է, եթէ Ռուսաստանը մերժել է, ուրեմն կարելի է միայն փնտռել քաղաքական նպատակայարմարութիւն»:

Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը հրապարակած էր ամիսներ առաջ Ռուսաստանի դատախազութեան յղած իր դիմումի պատասխանը։ Ըստ այդմ, Ռուսաստանը հնարաւոր չի համարեր նախկին պատգամաւոր, Դատական աքթերու հարկադիր կատարման ծառայութեան (ԴԱՀԿ) նախկին պետ Միհրան Պօղոսեանը Հայաստան արտայանձնելը՝ անոր քրէական հետապնդման ենթարկելու համար։ Ռուսական իրաւապահները արտայանձնման մերժման համար հիմք ընդունած են «Քաղաքացիական, ընտանեկան եւ քրէական գործերով իրաւական օգնութեան եւ իրաւական յարաբերութիւններու մասին» 1993 թուականի Յունուար 1-ի պայմանագրի 19-րդ յօդուածի դրոյթները:

Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Արա Ղազարեանը նշած է՝ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ գործող այս պայմանագրի 19-րդ յօդուածը կողմերու միջեւ կ’ապահովէ իրաւական օգնութիւն տրամադրելը քրէական գործի շրջագիծէն ներս, բայց Հայաստանը նման խնդրանքով չէ դիմած Ռուսաստանին։ Միւս կողմէ, ռուսաստանցի իրաւապահներու մերժման պէտք է հետեւէր մանրամասն պատճառաբանութիւն, ինչը չէ եղած։ Արա Ղազարեանը շեշտած է՝ ռուսական իշխանութիւնները Պօղոսեաը կրնային չարտայանձնել մէկ այլ՝ փախստականի կարգավիճակի մասին ՄԱԿ-ի պայմանագրի հիման վրայ եւ միակ հիմք կրնային համարել այն, որ անձը ունի բաւարար չափով հաստատուած երկիւղ վերադառնալու իր հայրենիք։ Այս մերժումը իր հերթին կը նշանակէ՝ Ռուսաստանը բաւարարուած համարած է Պօղոսեանի դիմումը, որ ինքը երկիւղ ունի վերադառնալու, որովհետեւ Հայաստանի մէջ կամ կ’ենթարկուի խոշտանգումներու, կամ խտրականութեան, կամ արդարադատութեան տրամադրման մատչելիութեան առերեւոյթ խախտման, աւելցուցած է Արա Ղազարեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment