Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Ազատութեան Հրապարակին Վրայ Տեղի Ունեցաւ Համահայկական 7-րդ Խաղերու Փակման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Երեւանի Ազատութեան Հրապարակին Վրայ Տեղի Ունեցաւ Համահայկական 7-րդ Խաղերու Փակման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

by MassisPost

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վ«աճ մեծ հանդիսութեամբ աւարտեցան Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը:

20-ամեայ խաղերու փակման արարողութեան մեկնարկին ներկաներուն խօսքով դիմեց Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանը` շնորհակալութիւն յայտնելով խաղերուն իրենց աջակցութիւնը բերած բոլոր պետական եւ ոչ պետական կառոյցներուն, մասնակիցներուն եւ մրցավարներուն, ինչպէս նաեւ լրագրողներուն:

pan-armenian-2

«Միսս համահայկական խաղեր» ճանչցուեցաւ Ռուսաստանի վոլեյպոլիսթ Աննա Թունեանը: Լաւագոյն մարզական պատուիրակութիւնը Ռուսաստանի ընդհանուր խումբն է, «Արդար խաղի» մրցանակը ստացաւ պասքէթպոլի Հալէպի կանանց խումբը:

Համահայկական խաղերու յայտնութիւն դարձաւ Տուպայի պատուիրակութիւնը: «Կարգապահութեան եւ մարզական ոգիի» մրցանակն իրենց հետ հայրենիքէն պիտի տանին Վիեննայի խումբը: Համահայկական խաղերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ լաւագոյն քաղաքներ ճանչցուեցան Էջմիածինը եւ աւստրալիական Սիտնին: Բոլոր մրցանակակիրները պարգեւատրեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

pan-armenian-3

7-րդ Համահայկական ամառնային խաղերուն այս տարի մասնակցած էր 5244 մարզիկ՝ աշխարհի 35 երկրի 161 քաղաքէ: Խաղերու քանի մը մարզաձեւեր տեղի ունեցան Ստեփանակերտի, Մարտակերտի եւ Ասկերանի մէջ, իսկ հիմնական պայքարը՝ Երեւանի: Այս տարի մասնակցած էր 3 նոր երկիր՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Իրաքը եւ Չեխիան եւ բացակայած էր Պոլիսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment