Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Քոչարեանի Պաշտպանի Խայտառակ Յայտարարութիւնը

Քոչարեանի Պաշտպանի Խայտառակ Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբան Յովհաննէս Խուդոյեանը Հանրային հեռուստաընկերութեան լրագրողի հետ զրոյցի ժամանակ խօսած է 2008 թուականի նախագահական ընտրութիւններէն ետք Արցախի զօրամասերէն Երեւան զօրք բերելու մասին: Ան ըսած է, որ զօրքը բերուած է ազատագրուած շրջաններէն, ուր տեղակայուած զօրամասերը Հայաստանի զինուած ուժերու մաս են:

Լրագրողի հարցին, թէ ազատագրուած շրջանները չէ՞ք համարեր Արցախի Հանրապետութեան մաս, փաստաբանը պատասխանած է. «Արցախի Հանրապետութեան մաս այդ տարածքները չեն կարող համարուել ապրիորի»:

Խուդոյեանը պնդած է Քոչարեանի այն պնդումը, որ Լեռնային Ղարաբաղի զինուած ուժերէն ոչ մէկ զինծառայող ներկայացած է Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Այսպիսով փաստաբանը կ’ընէ յայտարարութիւն, որով կասկածի տակ կը դնէ այդ տարածքներու պատկանելութիւնը Արցախին, այն պարագային, երբ Արցախի Սահմանադրութեան մէջ յստակ ամրագրուած են ներկայիս սահմանները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment